Արամ Ա.- Եկեղեցին Իր Զօրակցութիւնը Ժողովուրդին Նկատմամբ Պէտք Է Գործնապէս Արտայայտէ

By Asbarez | Thursday, 30 January 2020

0000ARAM

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 28 Յունուարին, Լիբանանի մէջ, Պքէրքէի մարոնիթ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու հանդիպումը: Հանդիպման նպատակն էր՝ քննել Լիբանանի մէջ, վերջին երեք ամիսներուն տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերը, յատկապէս ժողովրդին պահանջքները եւ պարզել եկեղեցւոյ տեսակէտը: Ներկայ հոգեւոր պետերը իրենց մօտեցումները արտայայտեցին, բնականաբար ընդգծելով եկեղեցւոյ դիրքորոշումը երկրին մէջ ստեղծուած կացութեան եւ ժողովրդային պահանջներու գծով:

Խօսք առաւ նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ ընդհանուր գծերով ներկայացնելէ ետք Լիբանանի դիմագրաւած վտանգալից մարտահրաւէրները՝ շեշտեց. «Ճիշդ չէ ընդհանրութիւններու մէջ մնալ, անհրաժեշտ է եկեղեցւոյ տեսակէտը յստակօրէն արտայայտել: Եկեղեցին ժողովուրդին ձայնն է, անոր սպասումներուն ու կամքին արտայայտութիւնը: Ժողովուրդը ընդվզած է անարդարութեան ու փտածութեան նկատմամբ: Վստահութեան պակաս մը կայ ժողովուրդին մօտ քաղաքական իշխանութեան նկատմամբ: Եկեղեցին պէտք է զգուշացնէ քաղաքական պատասխանատուները, որպէսզի անոնք ժողովուրդին պահանջներուն գոհացում տան՝ գործնական քայլերու դիմելով»:

Վեհափառը նոյն ժամանակ զգուշացուց՝ ըսելով. «Բռնարարքները կրնան ժողովրդային յեղափոխութեան բնոյթը փոխել: Կառավարութեան վստահութիւն եւ նեցուկ պէտք է տալ, որպէսզի անիկա կարենայ շուտով աշխատանքի լծուիլ»: Վեհափառը շեշտեց, որ «անհրաժեշտ է համայնքային զգայնութիւններ ստեղծող արտայայտութիւններէ ու քայլերէ հեռու մնալ» եւ ընդգծեց «ներքին միասնականութեան պահպանման հրամայականը»:

Իր խօսքին աւարտին հայրապետը առաջարկեց, որ «կոչ մը ուղղուի լիբանանեան սփիւռքին, արաբական աշխարհին եւ միջազգային համայնքին, որպէսզի նեցուկ կանգնին Լիբանանին, յատկապէս տնտեսական մարզին մէջ»:

comments

Advertisement