Փայլան Տեղեկութիւններ Կը Պահանջէ Սանասարեան Տան Վարձակալութեան Գաղտնի Մրցոյթին Մասին

By Asbarez | Wednesday, 05 February 2020

0205palyan sanasarian

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին նոր հարցագիր ղրկեց «Սանասարեան տան» («Սանասարեան խան») վերաբերեալ եւ պահանջեց, որ լուսաբանութիւններ կատարուին այն մասին, թէ ի՛նչ հիմնաւորումներով է, որ այդ շէնքը 35 տարուան համար վարձու տրուած է եւ ինչո՛ւ այդ գծով մրցոյթը մամուլին համար փակ եղած է։

Կարօ Փայլան կը յիշեցնէ, որ «Սանասարեան տան» վերատիրանալու պահանջով Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ բացուած դատը կը շարունակուի, եւ կը հարցնէ, թէ նախարարը պիտի վաւերացնէ՞ շէնքը 35 տարիով կասկածելի ընկերութեան մը՝ «Կափսան-Էսերլեր»ին վարձու տալու որոշումը։

Պոլսահայ երեսփոխանը նոյն հարցագիրին մէջ դիտել կու տայ, որ «Սանասարեան տան» ճիշդ քովը կը գտնուի պատմամշակութային արժէք ունեցող շէնք մը եւս, որ դարձեալ վարձու տրուած է «Կափսան-Էրեսլեր» ընկերութեան, որ վերանորոգութեան ընթացքին մեծ վնաս հասցուցած էր շէնքին պատմական դիմագիծին։

Փայլան, շարունակելով իր հարցումները՝ կը պահանջէ, որ բացատրութիւններ տրուին, թէ «Կափսան-Էսերլեր» ընկերութիւնը ի՛նչ պայմաններով շահած է մրցոյթը եւ արդեօք Հայոց պատրիարքարանը ինչպէ՞ս պիտի շարունակէ յարաբերութիւնը վարձակալ ընկերութեան հետ, տրուած ըլլալով, որ դատական գործընթացը կը շարունակուի։

comments

Advertisement