Յունաստանի Նախագահը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

By Asbarez | Tuesday, 10 March 2020

 

0310Prokopis

Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս Աթէնքի նախագահական ապարանքին մէջ, Ուրբաթ, 6 Մարտի երեկոյեան ընդունեց ՀՅԴ ներկայացուցչութեան այցելութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեանի եւ անդամ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի:

Նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս ջերմօրէն ողջունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին այցելութիւնը Յունաստան՝ անդրադառնալով իր սերտ ու երկարատեւ կապերուն Յունաստանի հայ համայնքին եւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ, ապա նաեւ խօսեցաւ անցեալ տարուան վերջաւորութեան Հայաստան կատարած իր այցելութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հանդիպման բարձր մակարդակին: Ան խանդավառութեամբ անդրադարձաւ Երեւանի մէջ ունեցած պետական շփումներու բեղուն արդիւնքներուն եւ զօրակցական իր անվերապահ կեցուածքը արտայայտեց հայ ժողովուրդին հանդէպ՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:

Խօսակցութիւն ծաւալեցաւ Յունաստանի սահմաններուն վրայ ստեղծուած լարուած եւ բարդ իրավիճակին շուրջ, որ անգամ մը եւս ցոյց կու տայ համայն հանրութեան առջեւ Թուրքիոյ որդեգրած ծաւալապաշտ գործելաձեւը, որ ճնշումներու եւ սպառնալիքներու լեզուով իր շահերը կը փորձէ պարտադրել Եւրոպային եւ մարդկութեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը վստահեցուց Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահին, որ Դաշնակցութիւնը, իր աշխարհասփիւռ կազմակերպական կառոյցով, Յունաստանի եւ յոյն ժողովուրդին անկեղծ ու պատրաստակամ գործակիցն է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց, յունահայութեան հանդէպ երկար տարիներէ ի վեր Յունաստանի նախագահին ունեցած անկեղծ վերաբերմունքին համար եւ յայտնեց, թէ յոյս ունի բարձր մակարդակի ու ջերմ յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն պահպանուիլ ապագային եւս, բոլոր այն մարզերուն մէջ, ուր Յունաստանի նախագահը պիտի շարունակէ իր գործունէութեան շրջագիծը:

comments

Advertisement