Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրական Կոչը Հայ Ժողովուրդին

By Asbarez | Saturday, 21 March 2020

0317Aram

Սիրելի հայորդիներ,

Ցնցուած է ամբողջ աշխարհը: Տագնապը, խուճապը ու անորոշութիւնը դարձած են տիրական ներկայութիւն բոլո՛ր երկրամասերէն եւ բոլո՛ր ազգերու կեանքէն ներս: Գիտնականներ, բժիշկներ, պետական թէ կրօնական պատասխանատուներ, իւրաքանչիւրը իր մարզէն ներս, կը փորձեն կասեցնել «Քորոնա» կոչուող ժահրին պատճառած համաճարակը: Սակայն, հակառակ տարուող հետեւողական աշխատանքներուն, փաստօրէն, համաճարակը սարսափ ու մահ կը սփռէ ամէ՛ն տեղ:

Մենք, խորապէս մտահոգ ենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն նկատմամբ եւ մօտէն կը հետեւինք Հայաստանի եւ Սփիւռքի գաղութներէն ներս ստեղծուած մթնոլորտին: Իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ահաւոր փոթորիկներէ անցած մեր ժողովուրդը դարձեալ կը գտնուի նոր փորձանքի մը դիմաց: Հարկ է ըլլալ իրապաշտ, խոհեմ եւ զգոյշ: Հարկ է անհատական եւ հաւաքական ճիգով ու պատասխանատու մօտեցումով դիմագրաւել այս վտանգալից տագնապը:

Արդ, հայրական կոչ կ՛ուղղենք մեր սիրելի զաւակներուն.

  1. Իւրաքանչիւր հայ, ընտանիք կամ համայնք, իւրաքանչիւրը իր անմիջական ծիրէն ներս, բարձրագոյն աստիճանի լրջութեամբ, զգուշաւորութեամբ ու պատասխանատուութեամբ պէտք է մօտենայ համայն մարդկութիւնը ու նաեւ մեր ժողովուրդը յուզող ներկայ կացութեան:
  2. Տեղական թէ միջազգային լրատուական ցանցերը մնայուն կերպով լայն տեղեկութիւններ կը փոխանցեն համաճարակին մասին ու մանաւանդ անհրաժեշտ լուսաբանութիւն եւ ցուցմունք կու տան՝ զայն յաղթահարելու գործնական կարելիութիւններուն ու միջոցներուն գծով: Անհրաժեշտ է մօտէն հետեւիլ տրուած մասնագիտական բացատրութիւններուն եւ առաւելագոյն չափով գործադրել զանոնք մեր անհատական, ընտանեկան թէ հաւաքական կեանքին մէջ:
  3. Բժիշկներուն կողմէ կատարուած զգուշաւորութեան կոչին մէջ հիմնականը՝ հեռու մնալ է ֆիզիքական ու ընկերային շփումներէ, յարաբերութիւններէ եւ հաւաքներէ: Մեր անձին, ընտանիքին, համայնքին, ազգին եւ բոլորին առողջութեան համար անհրաժեշտ է յատուկ կարեւորութեամբ նկատի ունենալ այս պարագան: Բոլոր մասնագէտներուն համոզումով, յիշեալ գործնական միջոցներով միայն կարելի է կասեցնել ներկայ համաճարակին տարածումը:

Սակայն, աղօ՛թքը պէտք է դառնայ մղիչ ուժը մեր կեանքին, մեր մտածումներուն ու գործերուն: Հաւատքով շաղախուած աղօթքն է, որ մեզի հոգեկան քաջութիւն կու տայ դիմագրաւելու կեանքի բոլոր չարերն ու չարիքները: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ինչ որ աղօթքով խնդրէք, հաւատացէք որ պիտի ստանաք եւ ձեր խնդրանքը պիտի տրուի ձեզի»: Սիրելի հայորդիներ, «Միշտ աղօթեցէ՛ք, որ արժանի ըլլաք այս պատահելիքներէն ազատելու», Աստուծոյ որդւոյն խոստումին համաձայն:

Հետեւաբար, եկէ՛ք դառնանք Քրիստոսին ու Սաղմոսին աղօթասաց բառերով ըսենք. «Դո՛ւն ես իմ յոյսը, Տէր, … ինձմէ հեռու մի մնար, փութա՛, ինծի օգնութեան հասիր: Այս հաւատքով ու յոյսով, եկէք միա՛սնաբար աղօթենք մեր եկեղեցւոյ աղօթքին պարզ, սակայն խորունկ բառերով.

«Ո՜վ Տէր, մեր Աստուածը, քու ժողովուրդէդ փարատէ՛ ցաւերը եւ բժշկէ՛ հիւանդութիւնները. կատարեալ առողջութիւն շնորհէ բոլորին՝ քու ամենայաղթ Խաչիդ նշանով, որով մարդոց տկարութիւնները քու վրադ առիր եւ դատապարտեցիր կեանքի ու փրկութեան թշնամին: Դո՛ւն ես մեր կեանքն ու փրկութիւնը, բարերա՜ր եւ բազումողորմ Աստուած. միայն դո՛ւն կրնաս մեր մեղքերը ներել եւ ցաւերն ու հիւանդութիւնները վանել մեզմէ, որովհետեւ քեզի ծանօթ են մեր կարիքները: Ո՜վ բարիքներու Պարգեւիչ, իւրաքանչիւրին կարիքներուն համաձայն՝ քու առատ ողորմութի՛ւնդ պարգեւէ արարածներուդ, որոնք միշտ կը փառաւորեն ու կ՛օրհնաբանեն քեզ ամենասո՜ւրբ Երրորդութիւն, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն»:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

15 ՄԱՐՏ 2020

comments

Advertisement