Խումբ Մը Մտաւորականներ Ֆրանսայի Ծերակոյտին Կը Յորդորեն Հայոց Ցեղասպանութեան Օրինագիծը Վաւերացնել

By Asbarez | Tuesday, 03 January 2012

ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումէն ետք, Շարլ Ազնաւուր, շարժանկարի բեմադրիչ Ռոպեր Կէտիկեան, իրաւաբան Սերժ Քլարսֆելտ, իմաստասէրներ Պեռնար-Հանրի Լեւի եւ Միշել Օնֆրեն, ինչպէս նաեւ թուրք լրագրող Էրոլ Օզքորայ համատեղ կոչ ստորագրած են՝ յորդորելով ֆրանսացի քաղաքական գործիչները Ծերակոյտին մէջ եւս այդ օրինագիծը վաւերացնել։

«Լը Ժուրնալ տը Տիմանշ»ի մէջ հրապարակուած այդ կոչին մէջ ըսուած է.

«Ինչպէս գրած է Էլի Ուիզել, ժխտումը կը նշանակէ զոհերը երկրորդ անգամ սպաննել։ Այդ պատճառով կ՛արժէ ողջունել 22 Դեկտեմբեր 2011ին խորհրդարանի մէջ կայացած քուէարկութիւնը:     Մասնաւորաբար, թիրախը պետական ժխտումն է, զոր թրքական իշխանութիւնները կը հասցնեն մինչեւ Ֆրանսայի հանրապետութեան տարածք։ Իսկ երեսփոխանները մնացած են իրենց պատասխանատուութեանց ծիրին մէջ, որպէսզի պահպանեն մարդկային արժանապատուութիւնը, որ կը մտնէ Մարդկային իրաւանց համաշխահրային հռչակագիրի նախաբանի առաջին մասին մէջ, ինչպէս նաեւ անոնք կրնան ընդունիլ օրէնքներ՝ հասարակական կարգի խախտման որեւէ վտանգէ խուսափելու համար։

«Որպէսզի բնագիրը օրէնքի ուժ ստանայ, մենք հանրապետութեան նախագահին, կառավարութեան եւ գլխաւոր կուսակցութեանց կոչ կ՛ուղղենք՝ վերահաստատելու իրենց ժեստը՝ (առած քայլը-Խմբ.), Ծերակոյտին կողմէ օրէնքի վաւերացումը արտօնելով»։

comments