Արամ Ա.  Պահանջատիրութիւնը Մեր Ժողովուրդին Համար Լօզունգ Չէ, Այլ Ամէնօրեայ Տագնապ, Ապրում Ու Ձգտում Է

By Asbarez | Tuesday, 28 April 2020

0428Aram

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը իր զանգերը ղօղանջեց 24 Ապրիլ 2020ի առաւօտուն` նշելով Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 105ամեակը` Ս. եւ անմահ պատարագով, որուն հանդիսապետեց  Արամ Ա. կաթողիկոսը, իսկ զայն մատուցեց Լիբանանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Յընթացս Ս. պատարագին, վեհափառ հայրապետը Ս. խորան բարձրացաւ եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուղղեց իր հայրապետական ոգեշունչ պատգամը: Ան ըսաւ, որ Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշեցնող թուական մըն է, միաժամանակ անիկա իր մէջ կը բովանդակէ ու կը մարմնաւորէ մեր ժողովուրդին պահանջատիրական կամքն ու անխորտակելի հաւատքը. «Ահա թէ ինչո՛ւ սովորական օր մը չէ այս օրը` խորհուրդ մըն է մեր կեանքը իմաստաւորող, պատգամ մըն է մեր կեանքին ուղղութիւն ու նպատակ տուող»:

Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ Ապրիլ 24ի խորհուրդով շաղախուած է իւրաքանչիւր հայու կեանքն ու գոյութեան պայքարը՝ աւելցնելով. «Հայ Դատը հայ ժողովուրդի՛ դատն է: Քո՛ւ դատդ է, ժողովո՛ւրդ հայոց, հետեւաբար Հայ Դատը մե՛նք պիտի շարունակենք համահայկական մաշտապով, համահայկական գործակցութեամբ, համահայկական կամքով եւ վճռակամութեամբ»:

Իր պատգամին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը յորդորեց ըլլալ իրապաշտ ու կազմակերպ` մանաւանդ ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ, որոնք ցաւօք սրտի հիմնուած են ազգերու եւ գերպետութիւններու տնտեսական ու քաղաքական շահերուն վրայ:

«Մարդկային իրաւանց հռչակագիրը, դժբախտաբար, թուղթի վրայ մնացած է, իսկ ազգերու իրաւունքները եւ աստուածատուր արդարութիւնը մարդկային կեանքի լուսանցքին վրայ կը գտնուին», ըսաւ Արամ Ա.:

Ան անդրադարձաւ Հայ Դատին այժմէականացման ու իրաւական հիմքերով քաղաքականացման հրամայականին եւ շեշտեց դերակատարութիւնը Հայաստանի պետութեան եւ Սփիւռքին` իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ մօտեցումներով. «Մենք մէ՛կ դատ ունինք. այդ դատը Հայաստանի՛ դատն է, մեր ազգի՛ն դատն է, մեր եկեղեցւոյ եւ իւրաքանչիւր հայո՛ւն դատն է: Այս գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ, վերանորոգ հոգիով եւ հաւատքով պէտք է շարունակենք մեր դատին հետապնդումը միջազգային շրջանակներու մէջ` ընդարձակելով մեր բարեկամներու շրջանակը, ծաւալելով մեր քաղաքադիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ միշտ շեշտը դնելով քաղաքական եւ իրաւական տարածքներուն վրայ», ըսաւ վեհափառը:

Շարունակելով իր պատգամը` ան ընդգծեց պահանջատիրական պայքարի ոգիին ու շարունակականութեան անհրաժեշտութիւնը` ըսելով. «Մենք իրաւազրկուած ժողովուրդ ենք: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ի՛նք եւս իրաւազրկուած է, իր պատմական հողերէն, կալուածներէն դուրս դրուած է: Սա պատմութեան էջերուն չի պատկանիր միայն: Պահանջատիրութիւնը մեր ժողովուրդին համար լօզունգ չէ՛` այլ ամէնօրեայ տագնապ, ապրում եւ ձգտում է»: Ան յիշեցուց, որ անկարելի է պահանջատիրութիւնը պատմութեան էջերուն յանձնել` մանաւանդ, երբ Թուրքիա կը շարունակէ իր արարքը` իւրացնելով ազգապատկան մեր կառոյցները, փոխելով անոնց նկարագիրը ու ոչնչացնել փորձելով ամէն տեսակ հայկական հետք, ու հարց տուաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի նման միջազգային մշակութային հարստութիւններու պաշտպան կազմակերպութիւններու լռութեան պատճառը` ի տես մշակութային ցեղասպանութեան:

Հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց՝ կոչ ուղղելով հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` վերանորոգելու պահանջատիրական հաւատքը, կամքը, վճռակամութիւնն ու յանձնարութիւնը, եւ այդ ոգիով շարունակելու պայքարը, հաւաքական պայքարը հայութեան` ի խնդիր մեր անիրաւուած ու բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման:

Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբացեալ նահատակներուն նուիրուած Ս. պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, նախարարներ ու երեսփոխաններ, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Աւարտին, ներկաները ուղղուեցան դէպի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին Սփիւռքի մէջ կանգնեցուած առաջին յուշարձանը` Սրբոց Նահատակաց մատուռը, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` ի յարգանս առաւել քան մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներուն յիշատակին:

comments

Advertisement