Էրտողան Կը Շարունակէ Ուրանալ

By Asbarez | Tuesday, 28 April 2020

0427erdo

ԱՆԳԱՐԱ, «ՌԻԱ Նովոսթի»․- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանին եւ երկիրին հայ համայնքին յղած իր ուղերձին մէջ ցաւակցութիւն յայտնեց «1915ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ զոհուած հայերու ժառանգորդներուն», բնականաբար «մոռնալով» յիշել, որ հայերը զոհ գացին 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան։

«Ես յարգանքով կը յիշեմ օսմանցի հայերը, որոնք զոհուեցան դժուար պայմաններու մէջ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին, որ մեծ տառապանք բերած է աշխարհի ժողովուրդներուն, անկեղծ ցաւակցութիւն կը յայտնեմ անոնց թոռներուն», կը գրէ Էրտողան:

Ըստ անոր՝ հայերուն եւ թուրքերուն հասարակաց նպատակն է՝ «ապագայի կառուցումը բարեկամութեան հիման վրայ, որ իր արմատները նետած է անցեալին մէջ»:

«Մենք գիտենք այն շրջանակները, որոնք կ՛անտեսեն մեր միասնութիւնը եւ կը փորձեն թշնամութիւն սերմանել պատմական հողին վրայ», կ՛աւելցնէ Էրտողան:

comments

Advertisement