Ատրպէյճանի Մօտ ԱՄՆ Դեսպանը Տուն Վերադարձաւ

By Asbarez | Thursday, 05 January 2012

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզա հեռացած է Պաքուէն եւ վերադարձած տուն:

Յիշեցնենք, որ Պրայզայի պաշտօնավարման ժամկէտը աւարտած է, քանի որ Ծերակոյտը հաւանութիւն չէր տուած անոր թեկնածութեան եւ նախագահ Օպամա զայն դեսպան նշանակած էր առանց Ծերակոյտի հաւանութեան, ինչ որ ինքնաբերաբար կը նշանակէ, որ դեսպանի պաշտօնավարումը ժամանակաւոր է:

Այժմ դեսպանի ժամանակաւոր պաշտօնակատար պիտի ըլլայ Էտըմ Սթերլինկ:

comments