Հրանդ Տինք Հիմնարկին Դէմ Սպառնալիքները Նման Են Տինքի Սպանութենէն Առաջ Կատարուած Սպառնալիքներուն․ Չեթին

By Asbarez | Wednesday, 03 June 2020

Ռաքել Տինք (կեդրոնը, արխիւ)

Ռաքել Տինք (կեդրոնը, արխիւ)

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր»․- Թուրքիոյ մէջ, 209 գրողներ, արուեստագէտներ, իրաւապաշտպաններ, լրագրողներ եւ քաղաքական գործիչներ միացեալ յայտարարութիւն մը տարածածեցին՝ դատապարտելով Հրանդ Տինքի կնոջ՝ Ռաքելին եւ «Հրանդ Տինք» ն հիմնարկին ուղարկուած սպանութեան սպառնալիք պարունակող նամակները։

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը․ «Կը նկատենք, որ վերջերս իրերայաջորդ սադրիչ յարձակումները անհատական բնոյթ չունին եւ կը սնուցուին վրէժ ու ատելութիւն պարունակող խօսքերէ, որոնք անպատասխանատու կերպով կ՛օգտագործուին եւ կը տարածուին լայն զանգուածներու մէջ։ Հասարակութեան մէջ խտրականութիւն դնող լեզուն եւ վարքագիծը վնասաբեր եւ պառակտիչ են։ Ժողովուրդը ճամբարներու եւ խումբերու կը բաժնեն եւ կը փճացնեն յարաբերութիւնները իրարու միջեւ»։

Ֆեթհիյէ Չեթին

Ֆեթհիյէ Չեթին

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ նման բեւեռացում ոչ ոքի օգուտ կը բերէ։ Այդ լեզուն եւ վարքագիծը ընդունողները պէտք է հասկնան, որ զիրենք նոյնպէս կը բեւեռացնեն։  Մտաւորականները կոչ կ՛ընեն՝ հրաժարելու այդպիսի վարք դրսեւորելէ՝ շեշտելով, որ Թուրքիոյ մէջ ապրողները հաւասար իրաւունքներ ունեցող մարդիկ են։

Իր կարգին, հիմնարկին իրաւաբաններէն Ֆեթհիյէ Չեթին «Պիանեթ» լրատուամիջոցին տուած հարցազրոյցին ընթացքին նկարել տուաւ, որ հակարակ կասկածելիի մը ձերբակալութեան, 31 Մայիսի գիշերը հիմնարկին սպառնալից նոր նամակ մը ուղարկուեցաւ:

Ան շեշտեց, որ սպառնալիքով լեցուն նամակները ունին գրեթէ նոյն բովանդակութիւնը այն նամակներուն, որոնք Հրանդ Տինքին կ՛ուղարկուէին անոր սպանութենէն առաջ:

«Օգտագործուած լօզունգները, խորհրդանիշները, կեղծանունները միշտ նոյնն են: Պէտք է լրջօրէն հետաքննել այս նամակագրութիւնները եւ գրառումները: Միւս ապացոյցը այն է, որ յարձակումները չունին անհատական բնոյթ եւ անոնք կը շարունակուին», ըսաւ Չեթին՝ աւելցնելով. «Դժբախտաբար, երկրին ղեկավարութեան հռետորաբանութիւնը նման յարձակումներ եւ ատելութեան խօսքեր կը խրախուսէ: Այս յարձակումները քաղաքական գործիչներու կողմէ գործածուող ատելութեան խօսքի արտացոլումն են»:

comments

Advertisement