Փօլ Գրիգորեան՝ Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդի Անդամ

By Asbarez | Friday, 11 December 2009

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, <<Լոս Անճելըս Թայմզ>>.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Փօլ Գրիգորեան Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8ին կայացած Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի երկրորդ ընտրատարածքի քուէարկութեան երկրորդ հանգրուանին յաղթանակով աւարտեց իր ընտրապայքարը, քուէներու գրեթէ 14 տոկոսի առաւելութեամբ պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը՝ Քրիսթին Էսըլը:

Յատկանշական է, որ գործարար շրջանակներու եւ քաղաքապետութեան պաշտօնեաներու միութեան աջակցութիւնը վայելող Էսըլ իր ընտրապայքարին համար ծախսած էր աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն տոլար, մինչ Գրիգորեանի պարագային այդ գումարը 571,000 տոլար էր:

Ընտրութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերած էին ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն միայն 15 տոկոսը: Անոնցմէ 10,810ը քուէարկած են Գրիգորեանի ի նպաստ, իսկ, 8304՝ Էսըլին:

Գրիգորեան պիտի փոխարինէ Ուէնտի Կրուլին:

Գրիգորեան ողջունեց այն իրողութիւնը, որ քաղաքացիները իրենց քուէներուն միջոցաւ նեցուկ կանգնած են իր առաջադրած այն նպատակին, թէ քաղաքապետական խորհուրդը պէտք է հիմնուած ըլլայ թափանցիկ հաշուետուութեան վրայ եւ պէտք է հասնիլ Սան Ֆերնանտօ հովիտի բնակչութեան կարքիներուն:

comments

Advertisement