By Asbarez | Saturday, 13 June 2020
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը 12 Յունիսին, Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան, Ռուսիոյ, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Պելճիքայի, Չեխիոյ, Աւստրիոյ, Ուրուկուէյի, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպաններուն յղեց անցնող օրերուն Լիբանանի մէջ հակահայ արտայայտութիւններուն եւ երեւոյթներուն վերաբերող նամակներ։
Հայ Դատի մարմինը դեսպաններուն փոխանցեց, թէ լիբանանեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանէն 10 Յունիսին ուղղակի սփռուած, Թուրքիոյ եւ անոր նախագահին շրջանային քաղաքականութիւնը քննադատած զրոյց¬յայտագիրի մը ընթացքին ու անկէ ետք լիբանանահայութեան հասցէին բացայայտ սպառնալիքներ եւ բռնարարքներու կոչեր հրապարակուեցան ընկերային ցանցերու վրայ։
Գլխաւոր դերակատարը՝ Մարտինցիներու արաբ¬լիբանանեան ընկերակցութեան նախագահ Մունիր Հասան, Թուրքիոյ դրօշը յստակօրէն ցուցադրող տեսերիզ մը հրապարակելով՝ պարծեցաւ հայերու դէմ գործուած Ցեղասպանութեամբ։ «Մենք, մեր օսմանցի նախահայրերն ու թուրքերը հպարտ ենք հայերուն դէմ մեր նախահայրերուն գործած ջարդով, որովհետեւ դուք արժանի էք։ Դուք արժանի էք ջարդուելու, նուաստացուելու եւ մորթուելու», ըսաւ ան։
Ան հաւատարմութիւն յայտնեց Թուրքիոյ եւ անոր նախագահին՝ ուղղակի կերպով սպառնալով զրուցավար Նշան Տէր Յարութիւնեանին եւ հայերու հասցէին յղելով նուաստացուցիչ ամբաստանութիւններ, որոնք թրքական ժխտողականութեան քաղաքականութեան դասագիրքէն ուղղակի մէջբերումներ էին։ Աւելի՛ն, ան «մարգարէացաւ», թէ շուտով ընկերային ցանցի եւ պատկերասփիւռի կայաններու վրայ լայն տարածում պիտի գտնեն հայերու դէմ ատելութեան խօսքեր. «մարգարէութիւն» մը, որ իրապէս ալ իրականացաւ։
Հայ Դատի մարմինը նշեց, թէ այս հակահայ քարոզչութիւնն ու ատելութեան խօսքերը ինքնեկ չի նկատեր, այլ խթանուած, կազմակերպուած եւ վերահսկուած թրքական կառավարութեան կողմէ, գործադրուած ձեռամբ անոր չարամիտ գործակատարներուբ, որոնք կը սնանին յարանուանական հակամարտութիւններով եւ տարածուած են Լիբանանի կարգ մը շրջաններու մէջ։
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը դատապարտեց բռնութեան ուղղակի կոչերը եւ ցեղապաշտութեան ու այլատեացութեան բացայայտ արտայայտութիւնները, «որոնք պէտք է մտահոգեն բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան խաղաղ գոյակցութեան Լիբանանի մը եւ զօրավիգ կը կանգնին քաղաքացիական ու մարդկային իրաւունքներուն, պատմական արդարութեան, ժողովրդավարութեան ու խօսքի ազատութեան։
«Մենք՝ Լիբանանի նկատմամբ անսասան յանձնառութեամբ եւ լիբանանեան օրէնքին համաձայն պիտի գործենք՝ մեր համայնքը պաշտպանելու համար նման յարձակումներէ։ Անկեղծօրէն կը յուսանք մեր այս նպատակին իրագործման մէջ ունենալ ձեր բարոյական զօրակցութիւնը»։
comments
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian
Australia Live By Armenia Media: Margaret Chater and Houri Demirdjian