By Asbarez | Wednesday, 17 June 2020
Երկուշաբթի, 15 Յունիսին, լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու համախմբումը, որուն վարչութեան անդամ է ՀՅԴի ներկայացուցիչ Պարոյր Տէր Ղուկասեան, գումարեց կեդրոնական նիստ մը, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտեց լիբանանեան ներքին հարցերուն մէջ թրքական միջամտութիւնները, որոնք կը դրսեւորուին կարգ մը քանդիչ խմբաւորումներու կողմէ համայնքային սադրանքներու նախապատրաստութեամբ:
Համախմբումը կտրականապէս մերժեց շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր տեսանիւթերը, որոնք համայնքային սադրանքներ կը սերմանեն եւ լիբանանահայութեան դէմ գրգռութիւններ կը հրահրեն:
Համախմբումը ապահովական կառոյցներէն եւ դատական իշխանութենէն պահանջեց կտրուկ եւ խիստ միջոցառումներ որդեգրել Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութեան եւ ապահովական կայունութեան սպառնացող այդ խմբաւորումներուն դէմ:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan