Ուաշինկթըն Պաքուն Զգուաշուցած Է Լայնածաւալ Ռազմափորձերուն Գծով, Սակայն․․․

By Asbarez | Friday, 26 June 2020

0626Azerbaijan_Response

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան «Սպառազինութիւններու վերահսկողութեան մասին» տարեկան զեկուցումին մէջ կը նշուի, թէ Ուաշինկթըն արդէն անցեալ Օգոստոսին Պաքուն զգուաշուցած էր լայնածաւալ ռազմափորձերուն գծով եւ յաւելեալ թափանցիկ ըլլալու կոչ ըրած էր։

«Ըստ Վիեննայի համաձայնագիրին, Ատրպէյճան պարտաւոր էր տեղեակ պահել նման ռազմափորձերու մասին, սակայն անիկա այդ բանը չէ կատարած», կը նշուի նշեալ զեկուցումին մէջ։

Նշենք, որ այս տարուան 18-22 Մայիսին, Ատրպէյճանի մէջ կատարուած լայնածաւալ եւ յարձակողական բնոյթի ռազմափորձերէն ետք, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը դիմած էր արտաքին գործոց նախարարութեան՝ մտագոհութիւն յայտնելով յատկապէս Պաքուին 120 միլիոն տոլարի ամերիկեան ռազմական աջակցութեան գծով, ինչ որ համախմբումը եւ Հայ Դատը Քոնկրեսին կողմէ 1992ին վաւերացուած «Ազատութեան աջակցութեան» որոշումին թիւ 907րդ յօդուածին յստակ խախտում կը նկատեն։

Սակայն, արտաքին գործոց նախարարութիւնը Արցախի տագնապին խաղաղ լուծում մը ապահովելու նպատակով, Պաքուին ռազմական աջակցութիւնները սահմանափակող այդ յաւելուածին խախտում մը չէր նկատած ռազմական աջակցութիւնները՝ պնդելով, որ Պաքու խոստացած է յարձակողապաշտ նպատակներու համար չօգտագործել զանոնք։

Գալով Մայիսի ռազմափորձերուն, արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ բաւարար փաստեր չունի, որ անոնք լայնածաւալ էին․․․

comments

Advertisement