By Asbarez | Monday, 29 June 2020
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 29 Յունիսին ընդունեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը:
Նախագահը նշեց, որ Արցախի մէջ ուշադրութեամբ կը հետեւին Լիբանանի ընկերային-տնտեսական ծանր իրավիճակին վերաբերող զարգացումներուն եւ մտահոգ են լիբանանահայութեան կացութեամբ: Ըստ Հանրապետութեան նախագահին՝ հակառակ անոր որ տնտեսական հարցերը չէ շրջանցած նաեւ Արցախը, սակայն Արցախի կառավարութիւնը իր համազգային պատասխանատուութեան ծիրին մէջ կը քննարկէ իր ունեցած սուղ միջոցներէն լիբանանահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն ցուցաբերուելիք աջակցութեան ծաւալը:
Կարօ Քեպապճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արայիկ Յարութիւնեանին՝ ջերմ ընդունելութեան եւ ցուցաբերուող աջակցութեան համար՝ ընդգծելով, որ ասիկա փաստացի ապացոյցն է այն իրողութեան, որ աշխարհի տարածքին սփռուած հայութեան համար հայրենիքը բոլորին յուսալի վայրն է:
Հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ Արցախի նախագահի՝ Սփիւռքի հարցերով խորհրդական Ազատուհի Սիմոնեան:
comments
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian
Australia Live By Armenia Media: Margaret Chater and Houri Demirdjian