Սպանացի Ծերակուտականը Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Եւ Արցախի Նկատմամբ Ատրպէյճանի Յարձակողապաշտութեան Գծով

By Asbarez | Friday, 24 July 2020

0724tesban

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սպանացի ծերակուտական Վիսենց Վիտալ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն դէմ, Թուրքիոյ օգնութեամբ, Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած գործողութիւններուն մասին հարցումներ ուղղած է Ծերակոյտին: Այս մասին յայտնեցին Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն:

«Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունի սպանական դիւանագիտութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն նկատմամբ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ՝ միջազգային համաձայնագիրներու խախտումով եւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ կատարուած յարձակումին մասին», հարցադրման մէջ գրած է Վիտալ:

«Թուիթըր»ի իր էջին վրայ Վիտալ կը նշէ, որ անհանգստացած է Ատրպէյճանի յարձակումներէն, իսկ Արցախը Հայաստան է:

comments

Advertisement