Ֆրանսա Ամէն Ջանք Ի Գործ Պիտի Դնէ Ղարաբաղեան Տագնապի Խաղաղ Լուծման Համար

By Asbarez | Thursday, 30 July 2020

0730france_foreign

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տըրիան երկրին խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ Ֆրանսա ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ Ղարաբաղեան տագնապի քաղաքական լուծման համար։ Այս մասին կը հաղորդէ «Էլ.Սէ.Փէ.» թուիթըրեան հաշիւը։

Նախարարը նշեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ արձանագրուած վերջին լարուածութիւնը մտահոգութիւն կը ստեղծէ, մանաւանդ որ բախումները տեղի ունեցան ոչ թէ Արցախի, այլ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրա., անոնք 2016ի քառօրեայ պատերազմէն ետք ամէնէն լայնածաւալն են եւ տեղի կ՛ունենան այնպիսի փուլի, երբ, թէ աշխարհը եւ թէ Հայաստան կը պայքարին «Քորոնա» համաճարակին դէմ։

«Զինուորական լուծում չի կրնար ըլլալ։ Պէտք է քաղաքական լուծում գտնել, եւ ես յոյսով եմ, որ կարելի պիտի ըլլայ այդ մէկը ընել», ըսաւ Լը Տըրիան։

Ան նշեց, որ Ֆրանսա ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի երեք համանախագահներէն մէկն է, որ կը զբաղի հակամարտութեան լուծումով։

comments

Advertisement