Լիբանանի Մէջ Հայկական Կառոյցները Կը Գնահատեն Պայթումին Վնասները. Վերա Եագուպեան

By Asbarez | Thursday, 06 August 2020

0805Vera

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Արմէնփրէս»․-  Լիբանանի մէջ հայկական կառոյցները համակարգուած կ՛աշխատին 4 Օգոստոսին, Պէյրութի մէջ պատահած պայթումին պատճառած վնասներուն ծաւալը յստակացնելու համար, յայտնեց ՀՅԴ Հայ Դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան՝ մանրամասնութիւններ ներկայացնելով Պէյրութի մէջ վիճակէն:

«Մեր գրասենեակը մեծ վնասներ կրած է՝ գոյք, պատուհաններ, դռներ: Պայթումը այնքան ուժգին էր, որ եթէ այդ ժամանակ գրասենեակին մէջ մարդ ըլլար, վստահաբար զոհ կ՛ունենայինք: «Քորոնա» ժահրին պատճառաւ գրասենեակային աշխատանքը սահմանափակ է, եւ այդ ժամուն այնտեղ մարդ չկար: Բարեբախատաբար, միայն նիւթական վնաս կրած ենք», ըսաւ Եագուպեան:

Ան նշեց, որ մինչ հայ համայնքին կրած վնասներուն վերջնական յստակացումը կը կատարուի, կարելի է հաստատել, որ համայնքը նիւթական մեծ վնաս կրած է: Յատկապէս տուժած են անոնք, որոնց տուները, կառոյցները, խանութները եւ գրասենեակները մօտ էին նաւահանգստին:

«Ծանր է վիճակը, տնտեսական տագնապ կայ: Դժբախտաբար, մեծ կարիքներու անհրաժեշտութիւն ունի Լիբանանի հայ համայնքը։ Այս պայթումը դժբախտաբար աւելի բարդացուց երկրիին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, թէ` տնտեսական, թէ՛ ընկերային եւ թէ քաղաքական: Այն նաւահանգիստը, ուր տեղի ունեցաւ պայթումը կարեւոր տնտեսական օղակ է Լիբանանի տնտեսութեան համար: Լիբանանը, անշուշտ, մէկ նաւահանգիստ չունի, այլընտրանքներ կարելի է փնտռել, բայց այս մէկը գլխաւորն էր: Այս բոլորը աւելի բարդացուցին իրավիճակը, տնտեսական առումով շատ մեծ հարուած էր այս», աւելցուց Եագուպեան:

comments

Advertisement