Լիբանանի Հայութեան Հզօրացումը Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Հզօրացումն Է․ Արամ Ա.

By Asbarez | Tuesday, 11 August 2020

0810Aram leb

ՎԵՀԱՓԱՌԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԵՑԱՒ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

 

9 Օգոստոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ս․ պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառին: Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչը եւ երեք քաղաքական կուսակցութիւններու բարձր մարմիններու ներկայացուցիչները:

Հայրապետը հետեւեալ երեք հաստատումները կատարեց.

–  ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ, ՄԵՐ ՈՂՋ ԱԶԳԸ ՔԵԶԻ՛ ՀԵՏ Է.

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՈՒ ՍՓԻՒՌՔԻՆ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄՆ Է.

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ Է, ԱՅՈ՛, ՍԱԿԱՅՆ ԴԷՄ Է՝ ՊԵՏԱԿԱՆ ԻՐԵՆՑ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐԸ ՉԱՐԱՇԱՀՈՂ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ:

Իւրաքանչիւրին անդրադառնալէ ետք, վեհափառը Լիբանանի հայութեան վերականգնումը նկատեց համազգային ծրագիր: Կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ շեշտեց հետեւեալը. «Լիբանանը միշտ կը մնայ Սփիւռքի մէջ իր առանցքային դերակատարութեամբ կարեւոր համայնք, համահայկական աշխատանքներուն ու տեսլականներուն կարեւոր ներդրում կատարած ու կատարելու կոչուած գաղութ, հետեւաբար, անոր վերականգնումը պէտք է ըլլայ միասնական ճիգով»:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ Պէյրութի մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով նահատակուած հայորդիներու հոգիներուն համար:

Պատարագէն ետք, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի պատուիրակութեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Հայաստանի խորհրդարանի Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան յանձնախումբի ատենապետ Հրաչեայ Յակոբեան, Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան եւ նոյն բաժանմունքի տնօրէնուհի Սառա Անճարկոլեան, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեան եւ փոխվարչապետի գրասենեակի օգնական Սերժ Վարագ Սիսեռեան:

Պատուիրակութիւնը վեհափառին ներկայացուց իր առաքելութեան նպատակը եւ յատկապէս Լիբանանի հայութեան կատարուելիք օժանդակութեան զանազան երեսները:

Կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի պետութեան, թէ՛ Լիբանանի եւ թէ հայ համայնքին իրենց կատարելիք օժանդակութիւններուն համար: Նոյն ժամանակ ան յիշեցուց, որ Լիբանանի հայութեան վերականգնումին գծով կատարուելիք նիւթական օժանդակութիւնը պէտք է ըլլայ միասնական ճիգով եւ կազմակերպուած կերպով: Հետեւաբար, փոխանակ մասնակի հանգանակութիւններ եւ նուիրատուութիւններ կատարելու կամ կազմակերպելու, այդ աշխատանքները պէտք է կատարուին կաթողիկոսարանին եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին կողմէ հաստատուած յատուկ հաշիւներու ճամբով:

0810Aram Arm

Այս առաւօտ, Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը: Վարչապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ ընդհանրապէս պայթումէն ետք Լիբանանի մէջ կացութեան ու յատկապէս Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն գծով: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի օժանդակութեան թէ՛ Լիբանանի պետութեան եւ թէ հայ համայնքին:

Վեհափառը վարչապետին փոխանցեց ընդհանուր տեղեկութիւններ Լիբանանի հայ համայնքին կրած վնասներուն շուրջ եւ իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանին ցուցաբերած գործնական զօրակցութեան նկատմամբ: Վարչապետը յայտնեց, թէ պէտք է խորհրդակցութիւնները շարունակել, որպէսզի Հայաստանի կողմէ կատարուելիք օժանդակութիւնը ըլլայ օգտաշատ:

comments

Advertisement