Կազմուեցաւ Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը

By Asbarez | Thursday, 13 August 2020

0810Antelias

Պսակաձեւ ժահրի ծանր պայմաններուն, տնտեսական տագնապին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած հետեւանքները քննարկելու եւ ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու նպատակով, Արամ Ա. վեհափառին թելադրանքով, 9 Օգոստոսին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք․ Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական համայնքներու պետերուն, ՍԴՀԿի, ՀՅԴի եւ ՌԱԿի, ՀԲԸՄի, Հայկական Կրթական Բարեսիրական միութեան եւ ԼՕԽի ներկայացուցիչներուն, հաստատուեցաւ «Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմին»ը։

Մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելէ ետք պայթումին զոհերուն յիշատակը՝ առաջնորդը ըսաւ, որ Հինգշաբթի օր վեհափառին կոչը, որուն մէջ շեշտուած էր, թէ քանդուած կամ վնասուած տուներուն վերանորոգումը անյետաձգելի է, պսակաձեւ ժահրին վտանգին ենթակայ մեր համայնքի զաւակներուն առողջութեան հոգալը անհրաժեշտ է, մեր կրթական կառոյցներուն աջակցութիւնը հրամայական է եւ մեր համայնքային, կրօնական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կառոյցներու օժանդակութիւնը կենսական է: Կոչին մէջ Արամ Ա․ կը հաստատէր, որ Լիբանանի հայութեան վերականգնումը պէտք է կատարուի համազգային ճիգով:

Սրբազանը շեշտեց, որ մարմինը պէտք է անմիջապէս դիմէ գործնական քայլերու եւ ճշդէ համապատասխան աշխատելաոճ՝ արագ, արդիւնաւէտ եւ նպատակայարմար ծրագիրներ իրականացնելու համար։ Սրբազանը հաստատեց, որ հարկ է առանց կանխակալ մտածումի, առանց անձնական նախասիրութիւններու եւ կեցուածքներու, դրական միտքով միասին մտածել, միասին կացութիւնը գնահատել, միասին մեր կեանքէն ներս գոյութիւն ունեցող առաջնահերթութիւնները ճշդել, միասին նախաձեռնել եւ միասին պարատկանութիւնները բաժնեկցիլ, որպէսզի մեր աշխատանքի որակին մէջէն մեր ժողովուրդն ալ զգայ, թէ տակաւին ունինք ապրելու կամք, կառուցելու եւ կերտելու եռանդ, տոկալու ու յարատեւելու ուժականութիւն։

Ապա, երեք համայնքներու, կուսակցութիւններու եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները կազմեցին գործադիր մարմին մը, որ անմիջապէս գործի պիտի անցնի։

Յետ քննարկումներու՝ հանդիպումին մասնակցողները շեշտեցին, որ դժուարին այս պայմաններուն մէջ առաւելագոյն չափով ճիգերը պէտք է կեդրոնացնել, որպէսզի հաւաքաբար յաղթահարենք դժուարութիւնները, հասնինք մեր ժողովուրդի կարիքներուն, ամուր պահենք մեր կառոյցները եւ վերականգնենք լիբանանահայութիւնը։

comments

Advertisement