Հալէպի Մէջ Քորոնա Ժահրէն Երոկու Հայ Բժիշկներ Մահացած Են

By Asbarez | Tuesday, 18 August 2020

0817Aleppo

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻՆ ՍՏԵՂԾԱԾ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ

ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար»․- Սուրիական «Խապար»պատկերասփիւռի կայանը տեղեկացուց, որ Ուրբաթ, 14 Օգոստոսին, Հալէպ հրաժեշտ տուաւ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 6 բժիշկ- դեղագործներու, որոնցմէ երկուքը հայ՝ տոքթ․ Ժան Հատտատ եւ դեղագործ Ժոզէֆ Պաղտասար։

Հիւանդանոցներու ներկայացուցած տուալներուն համաձայն՝ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրը մինչեւ օրս խլած է 55 բժիշկներու կեանքը։

Վերջին օրերուն, Հալէպին մէջ, ինչպէս նաեւ հայ կեանքին մէջ համաճարակը սկսած է արագ տարածուիլ: Արամ Ա․ կաթողիկոսը մօտէն կը հետեւի ստեղծուած կացութեան եւ կը խորհրդակցի Բերիոյ թեմի առաջնորդ Մասիս սրբազանին եւ համայնքին պատասխանատուներուն հետ:

Վեհափառը, նկատի ունենալով համայնքին կարիքները՝ անմիջապէս որոշ գումար մը փոխանցեց  անոնց՝ գործածուելու համար դեղորայքի եւ առողջապահական կարիքներու: Յայտնենք նաեւ, որ Հայ Օգնութեան Միութեան կարգադրութեամբ, յառաջիկայ օրերուն անհրաժեշտ դեղորայքը պիտի ուղարկուի Հալէպ:

Վեհափառը անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ բոլոր գաղութներուն եւ շրջաններուն մէջ, որ բարձրագոյն աստիճանի զգուշաւորութիւն ցոյց տան համաճարակին նկատմամբ՝ հեռու մնալով հաւաքներէ, խճողուած վայրերէ, միշտ դիմակ գործածելով եւ հետեւելով տեղւոյն իշխանութեան ցուցմունքներուն:

comments

Advertisement