By Asbarez | Tuesday, 10 January 2012
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ֆրանսայի խորհրդարանին հետ կառավարութեան յարաբերութիւններու պատասխանատու նախարար Օլիէր Երկուշաբթի, Յունուար 9ին յայտարարեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը պատժող օրինագիծը Ծերակոյտի քննարկման պիտի ներկայացուի Յունուար 23ին։ Ծերակոյտը այդ օրը օրինագիծը առաջին անգամ պիտի քննէ եւ վերջնական որոշում մը պիտի ընդունի օրինագիծը քուէարկելու կամ չքուէարկելու մասին։
Եթէ Ծերակոյտի ղեկավար մարմինը օրինագիծը քննարկելու մասին դրական որոշում մը արձակէ, պաշտօնի պիտի կոչուի զեկուցող մը։ Ապա օրինագիծը պիտի քուէարկուի Ծերակոյտի պատկան յանձնախումբի մը կողմէ եւ կրնայ միչեւ Յունուար 26 քուէարկութեան դրուիլ Ծերակոյտէն ներս։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, թէ Ֆրանսայի դէմ ութ կէտերէ բաղկացած Թուրքիոյ «պատժամիջոց»ները պիտի շարունակուին գործադրուիլ։ Էրտողան ըսաւ. «Եթէ Ֆրանսայի մէջ 500 հազար հայ կ՛ապրի, հոն կ՛ապրի նաեւ նոյնքան թիւով թուրք։ Ունինք նաեւ վեց միլիոն հոգիէ բաղկացած խմբակներ, որոնք կրնան մեր պաշտպանած տեսակէտին զօրավիգ կանգնիլ։ Թուրքիոյ մէջ կան ներդրում կատարած ֆրանսական ընկերութիւններ, որոնք կողմնակից են մեզի»։
Ըստ վարչապետին, Թուրքիա ներկայիս հասարակական կազմակերպութիւններու ու դիւանագիտական մակարդակներու վրայ կը պայքարի օրինագիծի վաւերացման դէմ։ «Մենք մինչեւ Յունուար 23 կրկին պիտի հանդիպինք Թուրքիոյ մէջ ներդրումներ ունեցող ֆրանսացի գործարարներու հետ եւ անգամ մը եւս մեր երկրի զգայնութիւնները պիտի փոխանցենք անոնց», շեշտեց վարչապետը, նշելով, որ այս կնճռոտ հարցը հասարակաց հարց մըն է եւ եթէ զարգացումները այսպէս շարունակուին, ապա Թուրքիա-Ֆրանսա երկկողմանի յարաբերութիւնները մեծապէս պիտի վնասուին։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan