By Asbarez | Tuesday, 10 January 2012
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցեալ Կիրակի ABCNews.com կայքէջի վրայ լոյս տեսած էր գրութւին մը, ուր կը թուարկուէին ու կը նկարագրուէին այդ կայքէջի աշխատակիցին կարծիքով 2012ին այցելելու արժանի աշխարհի եօթ վայրեր:
Երկու օր ետք, Երեքշաբթի 10 Յունուարին, կայքէջին վերնագիրը խորհրդաւոր կերպով փոխուած էր եւ վերածուած «2012ին այցելելու արժանի վեց վայրեր»ու. դուրս հանուած էր Լեռնային Ղարաբաղի բաժինը:
«Նիուզ»Էյ.Զի.» ատրպեճանական լրատու գործակալութենէն կը տեղեկանանք, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարութեան ցումունքով, Ուաշինկթընի մէջ ատրպեճանական դեսպանատունը քննութիւն բացած է՝ իմանալու համար թէ ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղը մտած էր ABCNews.comի աշխատակիցի ցուցակին մէջ:
Յայտնապէս դեսպանատունը կատարած է իր պարտականութիւնը քայլ մը անդին անցնելով ու ճնշելով ABCNews.comի պատասխանատուները՝ գրաքննելու սեփական կայքէջը եւ վերախմբագրելու սոյն գրութինը՝ զեղջելով Արցախին վերաբերող ամբողջ բաժինը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan