Լիբանանահայ Գաղթօճախի Պահպանմանը Նպաստում Է Նաեւ Արցախը. Արայիկ Յարութիւնեան

By Asbarez | Wednesday, 26 August 2020

0826Arayig

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-  Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 25 Օգոստոսին հրաւիրեց աշխատանքային խորհրդակցութեանն՝ նուիրուած լիբանանահայութեան ցուցաբերուող աջակցութեան ծրագիրներուն։

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ զեկուցումով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայկական համայնքին նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելու աշխատանքները կազմակերպող եւ համակարգող աշխատանքային խումբի ղեկավար, Արցախի նախագահի գլխաւոր խորհրդական-յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Ռուդիկ Հիւսնունց։ Ըստ անոր՝ բացի պետական պիւտճէի պահեստային ֆոնտի միջոցներէն վերջերս յատկացուած 25 միլիոն դրամ օժանդակութենէն, Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան մարդասիրական օգնութեան արտապիւտճէական հաշիւին մէջ հաւաքագրուած է աւելի քան 17 միլիոն դրամ, եւ զայն աւելցնելու համար զանազան նախաձեռնութիւններ կը կատարուին:

Հիւսնունց տեղեկացուց նաեւ, որ Լիբանանէն Արցախ հասած են առաջին երկու հայրենադարձ ընտանիքները, որոնց կեցութեան համար ստեղծուած են բոլոր պայմանները:

Նախագահ Յարութիւնեան շեշտեց, որ  չափազանց կարեւոր է պահպանել Լիբանանի հայկական համայնքը՝ իբրեւ կայացած գաղութի ամբողջականութիւն, որուն իր ուժերուն ներածին չափով կը նպաստէ նաեւ Արցախի կառավարութիւնը։

comments

Advertisement