By Asbarez | Tuesday, 10 January 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ֆրանսացի յայտնի գրող Պեռնար Անրի Լեւի ամերիկեան «Huffington Post»ին մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը կոչ ըրած է ֆրանսացի ծերակուտականներուն՝ վաւերացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը:
«Խորհրդարանին ընդունած օրինագիծը, որուն նպատակն է քրէականացնել ժխտողականութիւնը, չ՛առաջարկեր պատմութիւն գրել պատմաբաններու փոխարէն, այն պարզ պատճառով, որ պատմաբանները արդէն իսկ շատո՛նց կատարած են իրենց պարտականութիւնը», կը գրէ Լեւի՝ անտեղի համարելով թուրք քաղաքական գործիչներուն այն պնդումները, թէ խորհրդարանները նման հարցերով պէտք չէ զբաղին:
Նշելով, թէ ոչ մէկ լուրջ պատմաբան կասկածի տակ կը դնէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ Լեւի կ՛ընդգծէ, թէ ժամանակն է որ ծերակուտականները աւարտեն այս գործընթացը, «առանց ահաբեկուելու պատմաբաններու փոքր խումբի մը կողմէ»:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan