Հայաստանի Դեսպանը Հանդիպեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

By Asbarez | Friday, 28 August 2020

0828syr tesban

ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար»․- 27 Օգոստոսին, Սուրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Գէորգեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի նորընտիր նախագահ Համուտա Սապպաղի հետ: Դեսպանը անոր փոխանցեց Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի շնորհաւորական ուղերձը, որուն մէջ ան կը յայտնէ, որ միացեալ ջանքերու շնորհիւ, երկու խորհրդարաններուն միջեւ արդիւնաւէտ գործակցութիւնը պիտի շարունակէ իր վերընթաց ուղին` արձանագրելով նոր ձեռքբերումներ` ի շահ երկու բարեկամ ժողովուրդներուն:

Զրուցակիցները ընդգծեցին նաեւ միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու աշխատանքներու աշխուժացան կարեւորութիւնը:

Գէորգեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Սուրիոյ նորընտիր խորհրդարանի կազմին մէջ կը գործեն երեք հայ պատգամաւորներ, որոնք ջանք չեն խնայեր հայ-սուրիական բարեկամական յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ:

comments

Advertisement