By Asbarez | Thursday, 01 October 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Ատրպէյճանական նախայարձակ գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախի հետ սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցող լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններուն ի տես՝ Թուրքիայէն հնչող բազմաթիւ հակահայ յայտարարութիւնները թիրախ կը դարձնեն այդ երկրի հայ քաղաքացիները, ըսաւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան:
Փայլան այս գծով խորհրդարանին ներկայացուցած է Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթային հասցէագրուած գրաւոր հարցապնդում մը, որուն մէջ մասնաւորապէս ըսած է.
«-Երբ ամբողջ աշխարհը հրադադարի կոչ կ՛ընէ, մենք ինչո՞ւ պատերազմի կոչ կ՝ընենք:
«- Արդեօք ճի՞շդ է այն պնդումը, ըստ որուն Թուրքիա Սուրիայէն զինեալներ ղրկած է Ատրպէյճան:
«- Մենք թէ՛ հայ եւ թէ ատրպէյճանցի քաղաքացիներ ունինք, ինչո՞ւ ատրպէյճանցին իբրեւ եղբայր կը դիտարկէք, իսկ հայը՝ իբրեւ թշնամի: Տեղեա՞կ էք, որ հայ ժողովուրդին ուղղուած ձեր ատելութեան խօսքերը, հայ քաղաքացիները թիրախ կը դարձնեն»:
Իր կարգին, «Ակօս»ի գլխաւոր խմբագիր Էդուարդ Տանձիկեան իր կարգին ըսաւ հետեւեալը. «Թուրքիոյ հայերը կը զգան սլաքներուն դէպի իրենց ուղղուիլը եւ այդ անշուշտ անհանգստութիւն կը յառաջացնէ անոնց մէջ»:
Պոլսոյ հայկական «Արաս» հրատարակչատան գլխաւոր խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշ նշեց, որ Թուրքիոյ անցեալը լի է բռնութեամբ, սպանութիւններով, ջարդերով, կոտորածներով եւ մահափորձերով, որոնց պատճառով միշտ վախ կայ, որ այստեղ հնչեցուած ատելութեան խօսքը կրնայ գործողութեան վերածուիլ:
«Հայերն ալ այդ վախը ուղիղ կը զգան իրենց վրայ: Առանց այդ ալ պարփակուած, իր մէջ ամփոփուած համայնք է: Հասարակական ցանցերու կամ այլ միջավայրերու մէջ այդ խօսքերը լսելով հայերուն մէջի վախերը կը բազմապատկուին, եւ կեանքը քիչ մը աւելի դժուար կը դառնայ», ըսաւ Քոփթաշ:
comments
Վերջին Հրաժեշտ` Գառնիկ Մկրտիչեանին
Մահացաւ Ազգային, Հասարակական Եւ Կուսակցական Գործիչ Գառնիկ Մկրտիչեան
ԱՄՆ-ի Հայ Դատը Կողջունէ Թուրքիոյ Զէնքերու Վաճառքը Դադրեցնելու Նունիէզի Կոչը
Այս Ողբերգութեան Մէջ Մենք Չենք Կրնար Ըլլալ Միայն Հանդիսատես․ Եւրոպական Խորհրդարանի Փոխնախագահ
Արամ Ա. Վեհափառը Մօտէն Կը Հետեւի Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինին Աշխատանքներուն