* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Կիրօ Մանոյեան. «Միացեալ Նահանգներ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Երկիր Պէտք Է Նկատել»

Friday, 13 January 2012     |    |   

Source: Asbarez
Tags: usa, armenian genocide, arf

ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան Յունուար 11ին կայացած «Հայ-ատրպէյճանական երկխօսութեան այլընտրանքային տեղեկատուութիւն» նախագիծին մասին խօսելով՝ կարծիք յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ պէտք է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիր նկատել:

Ան յիշեցուց, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատը 1975, 1984 եւ 1996ին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ որոշումներ ընդունած է, իսկ 1981ին Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ:

Մանոյեանի համաձայն, վերջին տասնամեակին ընթացքին ներկայացուած են բանաձեւեր, որոնք կոչ կ՛ուղղեն Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն՝ Ապրիլ 24ի իրենց ուղերձներուն մէջ, ինչպէս նաեւ իրենց արտաքին քաղաքականութեան մէջ՝ 1915ի դէպքերը որակելու իբրեւ Ցեղասպանութիւն:

«Այսինքն, Միացեալ Նահանգներու նոյնպէս պէտք է համարել երկիր մը, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը», ըսաւ Մանոյեան եւ ընդգծեց, որ Եւրոխորհրդարանը 1987ին եւ աւելի ուշ քանի մը անգամ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: «Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւններու մեծամասնութիւնը ԵՄ անդամ է: Այնպէս որ (Եւրոպայի մէջ ընդհանուր առմամբ Ցեղասպանութեան ճանաչման), այդ համաձայնութիւնը, կը կարծեմ, արդէն կայ», նշեց Մանոյեան:

Անդրադառնալով ՀՅԴ գաղափարախօսական մրցակիցներուն՝ ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատուն նշեց, թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարախօսական մրցակիցները Հայաստանի քաղաքական գլխաւոր բոլոր ուժերն են։ «Սկզբունքօրէն քաղաքական բոլոր գլխաւոր ուժերը Դաշնակցութեան գաղափարախօսական մրցակիցներն են, քանի որ անոնք բոլորն ալ  աջակողմեան ուժեր են», ըսաւ Մանոյեան, ըստ որուն,  այդ մասին կը վկայէ այն, որ Հայաստանի խորհրդարանական բոլոր կուսակցութիւնները (ՀՀԿ, «Բարգաւաճ Հայաստան», «Օրինաց Երկիր» եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնները), բացի Դաշնակցութենէն, յայտով դիմած են Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան անդամակցութեան խնդրանքով, իսկ Հայոց համազգային շարժումը, որ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ուժի՝ Հայ Ազգային Կոնգրեսի առանցքն է, անդամակցութեան խնդրանքով դիմած է Եւրոպական ազատական դեմոկրատական եւ ռեֆորմիստական կուսակցութեան (ELDR):

«Դաշնակցութիւնը ԱՊՀ տարածքի միակ կուսակցութիւնն է, որ Սոցինթերնի լիիրաւ անդամ է, եւ զայն կը հրաւիրեն մասնակցելու Եւրոպական սոցիալիստներու կուսակցութեան (PES) համագումարներուն», ըսաւ Մանոյեան: Ան նաեւ նշեց, որ ՀՅԴի համար անընդունելի չէ համագործակցութիւնը Հայաստանի՝ գաղափարապէս մօտ քաղաքական ուժերու հետ: «Սկզբունքօրէն նմանատիպ համագործակցութիւնը անընդունելի չենք համարեր, բայց պէտք է նաեւ հաշուի առնել նման համագործակցութեան քաղաքական արդիւնաւէտութիւնը», նշեց ան։

Նշենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի լրագրողներուն տուած փորձագէտներու, վերլուծաբաններու եւ քաղաքական գործիչներու հարցազրոյցները երկու երկիրներուն մէջ հետաքրքրութիւն յառաջացնող խնդիրներու եւ գործընթացներու շուրջ կը կազմակերպուին Ռեգիոն  հետազօտական կեդրոնի (Հայաստան) եւ Խաղաղութեան ու ժողովրդավարութեան հիմնարկի «Հայ-ատրպէյճանական երկխօսութեան այլընտրանքային տեղեկատուութիւն» նախագիծին ծիրին մէջ, որուն աջակցած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանութիւնները:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement