By Aztag Daily | Wednesday, 13 January 2021
Չորեքշաբթի, 6 Յունուարին «Քորոնա» համավարակին հետեւանքով Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ ազգային, հասարակական եւ կուսակցական ղեկավար գործիչ, սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ հայ սկաուտութեան դաստիարակութեան նուիրեալ Գառնիկ Մկրտիչեան:
Պէյրութի մէջ ծնած Գառնիկ Մկրտիչեան կանուխ տարիքէն անդամակցած է ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն: Ան աշխուժ դերակատարութիւն ունեցած է Պուրճ Համուտի հայաբնակ թաղերու ինքնապաշտպանութեան աշխատանքին մէջ: Անոր անունը կապուած եղած է Պուրճ Համուտի ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբին հետ, ուր երկար տարիներ եղած է ՀՅԴ համապատասխան կոմիտէի ներկայացուցիչ: Ան եղած է նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:
Գառնիկ Մկրտիչեան տասնամեակներ շարունակ նպաստած է հայ երիտասարդութեան կազմակերպման եւ ազգային ոգիով դաստիարակութեան աշխատանքներուն: Ան` իբրեւ հայ իրականութեան մէջ մեծագոյն մարզական եւ սկաուտական կազմակերպութեան` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, եւ ապա` ատենապետ, աշխուժ դերակատարութիւն ունեցած է Հայաստանի թէ Արցախի մէջ ՀՄԸՄ-ի վերընձիւղման, կառոյցի հիմնադրման եւ գործունէութեան ծաւալման աշխատանքներուն մէջ:
Իբրեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան վաստակաշատ նախկին ատենապետ, անուրանալի կը մնայ Գառնիկ Մկրտիչեանի դերակատարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու կազմակերպման աշխատանքին մէջ: Բարձր մակարդակով կազմակերպուած ձեռնարկները առիթ էին ազգային առումով վերարժեւորելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակները, վերաիմաստաւորելու ազգային-պետական արժէքները:
Գառնիկ Մկրտիչեան եղած է Ազգային ընդհանուր ժողովի ատենապետ, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, Ազգային երեսփոխան եւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի նախկին ատենապետ: Վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին Գառնիկ Մկրտիչեանին վիճակուեցաւ ստանձնել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին յորդորով կազմուած համագաղութային Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ատենապետութեան պատասխանատու պարտականութիւնը:
Գառնիկ Մկրտիչեանի մահով սփիւռքահայութիւնը կը կորսնցնէ ազգային, կուսակցական եւ միութենական վաստակաւոր գործիչ մը:
comments
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian
Australia Live By Armenia Media: Margaret Chater and Houri Demirdjian