Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատը Կը Շարունակուի

By Asbarez | Wednesday, 14 April 2021

0414Sis

Ինչպէս ծանօթ է, 2015ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դատական հայց ներկայացուցած էր Թուրքիոյ դէմ՝ պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանին վերադարձը իր իրաւատիրոջ՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան։

Սիսի կաթողիկոսարանի դատական հայցը՝ իբրեւ շարունակութիւն Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանին մօտ սկսած իրաւական գործընթացին, 30 Յուլիս 2019ին ներկայացուեցաւ Գոզանի (Սիս) նախադատ ատեանին։

«Քորոնա» ժահրի համաճարակին պարտադրած ստիպողական պայմաններուն բերումով կրկնակի յետաձգումէ ետք, դատական ունկնդրութեան առաջին նիստը տեղի ունեցաւ 30 Մարտ 2021ին։ Յառաջիկայ նիստին թուականը տակաւին չէ ճշդուած՝ նոյն պատճառով։

Կաթողիկոսարանի իրաւական յանձնախումբը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, մօտէն կը հետեւի դատական զարգացումներուն։

comments

Advertisement