By Asbarez | Wednesday, 18 January 2012
ՊՐԻՒՔՍԷԼ, ԱՆԳԱՐԱ, «Պլումպըրկ», «Մարմարա», «Արմէնփրէս».- Չորեքշաբթի, Յունուար 18ին, Մարդկային իրաւանց պաշտպան Միջազգային ներում կազմակերպութիւնը քննադատեց մէկ օր առաջ Պոլսոյ 14րդ եղեռնադատ ատեանին կողմէ «Ակօս»ի սպաննուած խմբագիր Հրանդ Տինքի հարցով այն վճիռը, ըստ որուն՝ ամբաստանեալները «զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութեան» մը անդամ չնկատուեցան: կազմակերպութիւնը շեշտեց, թէ դատավարութեան ընթացքին անտեսուած են ոճիրին մէջ պետութեան դերակատարութիւնը:
Եւրոպական Միութիւնը եւս քննադատեց վճիռը՝ կոչ ընելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ հարցը դարձեալ հետախուզեն ու նոր դատավարութիւն մը իրականացնեն:
Ինչպէս հաղորդած էինք, վճիռը բողոքի ալիք բարձրացուցած էր նաեւ Տինքի ընտանիքի, բարեկամներու եւ ընկերներու շրջանակէն ներս. անոնք վճիռին դէմ բողոքելու համար յաջորդական երկրորդ օրն ըլլալով ցոյց կատարեցին:
Արձակուած վճիռին համաձայն, սպանութեան ետին կազմակերպեալ յանցախումբ մը չկայ։ Ոճիրի պատուիրատուն՝ Եասին Հայալ, դատապարտուեցաւ ցմահ բանտարկութեան, իսկ Էրհան Թունճել ազատ արձակուեցաւ, որովհետեւ իբրեւ թէ ան Տինքի սպանութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունի: Ան անմեղ հռչակուած է նաեւ «զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութեան վարի»չ ըլլալու եւ «դիտումնաւոր կերպով մարդ սպաննելու պատուէր» տալու մեղադրանքներէն։
Ոճիրի միւս ամբաստանեալներէն Էրսին Եոլճուն եւ Ահմետ Իսքենտերը 12 տարի ու վեց ամիս բանտարկութեան դատապարտուեցան՝ «դիտումնաւոր կերպով մարդ սպաննելու ոճիրին մէջ օգնելու» յանցանքով։ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով ձերբակալուած 12 այլ ամբաստանեալները եւս ազատ արձակուեցան։
Տինքի ընտանիքի փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթին յայտարարեց, որ դատարանին մէջ կատարուածը ուղղակի զաւեշտ մըն էր եւ ամէն ինչ նոր կը սկսի իրենց համար։ Չեթին յիշեցուց, որ Հրանդի որդին՝ Առատ Տինք, ըսած էր, թէ մեզ կը ծաղրեն, մինչդեռ ծաղրանքի վերջին արարը պահած էին վճիռի հրապարակման օրուան։ «Ուրեմն՝ կազմակերպեալ յանցախումբ չկայ, սովորական սպանութիւն է եղեր», ըսաւ փաստաբան Չեթին՝ հեգնանքով։ «Մինչեւ որ մենք վերջացաւ չըսենք, Հրանդին դատը չի վերջանար», աւելցուցին Հրանդ Տինքի ընկերները:
Յիշեցնենք, թէ դատարանը աւելի կանուխ Տինքը սպաննած ոճրագործը՝ Օկիւն Սամասթը, 21.5 տարուան բանտարկութեան դատապարտած էր: Սպանութեան պահուն անչափահաս ըլլալուն համար, Սամասթի դատավարութիւնը կայացած էր անչափահասներու ատեանի մը մէջ:
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ յայտարարեց, որ վճիռը անհանգստութիւն յառաջացուցած է թրքական հասարակութեան մէջ եւ յիշեցուց, թէ Պետական վերահսկողութեան խորհուրդը, որ նախագահին յանձնարարութեամբ դատական գործընթացին զուգահեռ կ՛ուսումնասիրէ Տինքի սպանութեան հետ կապուած քրէական գործը, տակաւին չէ աւարտած իր աշխատանքները:
«Պէտք է սպասել դատական գործընթացի աւարտին: Այժմ բողոքարկելու գործընթացը սկսած է: Այդ պատճառով, հարցը պէտք է քննել վերջնական վճիռէն ետք», աւելցուցած է Կիւլ:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ, իր կարգին ըսած է, թէ վճիռը «չի հանգստացներ մարդու խիղճը»՝ միաժամանակ աւելցնելով, թէ գործընթացը կը շարունակուի եւ վճռաբեկ ատեանը եւս իր խօսքը պէտք է ըսէ:
Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Սատուլլահ Էրկին եւս նման յայտարարութիւն մը կատարած է: «Վերջնական գնահատականը պիտի տանք գործընթացի աւարտէն ետք», ըսած է ան:
Նաեւ, Տինքի հարցով վճիռը «վտանգաւոր զարգացում» նկատուած է Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայի կողմէ:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan