Լաթվիա Պաշտօնապէս Ճանչնաւ Եւ Դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Friday, 07 May 2021

Armenian Genocide Memorial

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Լաթվիա պաշտօնապէս ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ 100 անդամներէն 58ին համաձայնութեամբ: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Լաթվիոյ, Լիթուանիոյ եւ Էսթոնիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեան: Ան դիտել տուաւ, ինչ որ տարիներ շարունակ դժուար էր պատկերացել, արդէն իրականութիւն դարձաւ՝ վերջին տարիներու տքնաջան աշխատանքին իբրեւ արդիւնք։

Ան յիշեցուց, որ տակաւին 24 Ապրիլ 2020ին Լաթվիոյ խորհրդարանի երկու ուժեր, որոնք նաեւ իշխող դաշինքի անդամներ են, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող եւ դատապարտող յայտարարութիւններ կատարեցին: «Այս ուժերի, ինչպէս նաեւ «Համաձայնութիւն» կուսակցութեան ներկայացուցիչների մեծ մասի նախաձեռնութեամբ էլ 2021 Փետրուարից սկսուեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը, որի արդիւնքում բանաձեւ-յայտարարութիւն ներկայացուեց Ապրիլի 23ին: Ապրիլի 29ին նախնական բանաձեւի տարբերակը առարկութիւններով յետաձգուեց մէկ շաբաթով: Բանաձեւի փոփոխուած տարբերակ առաջարկեց Արտաքին յարաբերութիւնների մշտական յանձնաժողովը, որի շուրջ նոյնպէս ծաւալուեց ինտենսիւ քննարկում եւ որը նոյնպէս վերջին երկու ամիսների ընթացքում զուգահեռ աշխատանքներ է ծաւալել այս ուղղութեամբ», կը գռէ Տիգրան Մկրտչեան` յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով լաթվիացի այն խորհրդարանականներուն, որոնք նպաստեցին այս հարցին:

comments

Advertisement