By Asbarez | Tuesday, 27 July 2021
ԼՈՆՏՈՆ.- Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ Ռուփա Հաք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ըրաւ կառավարութեան, կը տեղեկացնէ Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Դատի գրասենեակը։
Երկրին օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչը այս կոչը ըրաւ Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Տոմինիք Ռաապին յղուած նամակով մը։
«Արդէն ժամանակն է, որ Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը միանայ առաւել քան 30 պետութիւններու, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներուն եւ պաշտօնապէս ճանչնայ 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը», կ:ըսէ օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչը:
«Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Ռաապին կոչ կ՛ընեմ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան յայտարարած է, որ դիրքորոշումը անփոփոխ կը մնայ, սակայն, կարծես թէ, լռելեայն կ՛ընդունի, որ անիկա ցեղասպանութիւն եղած է», կ՛ընդգծէ Հաք:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan