By Asbarez | Tuesday, 27 July 2021
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թոքիոյի մէջ, 23 Յուլիսին տեղի ունեցաւ 32րդ Ամառնային Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութիւնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան։
Համաճարակին պատճառով, Ողիմպիական խաղերուն 120ամեայ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, արարողութիւնը տեղի ունեցաւ առանց հանդիսատեսներու: Մարզադաշտին մէջ ներկայ էին միայն պաշտօնական պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչները եւ խաղերուն մասնակցողները: Խաղերուն Հայաստանէն կը մասնակցին 17 մարզիկներ:
Ռուսիոյ մարմնամարզի հաւաքականը, որուն կազմին մէջ հանդէս կու գայ հայազգի Արթուր Դալալոյեան, Երկուշաբթի օր դարձաւ ախոյեան՝ խլելով ոսկի մետալներ: Երկրորդ հանդիսացաւ Ճափոնի հաւաքականը, իսկ երրորդ՝ Չինաստանի:
Անհատական մրցումներուն, Հայաստանի մարմնամարզի հաւաքականի անդամ Արթուր Դաւթեան հենացատկի (vault) զտումի մրցումներուն 14.866 կէտ ապահովելով՝ անցաւ յաջորդ հանգրուան։
Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի անդամ եւ Եւրոպայի ախոյեան Յովհաննէս Բաչքով
(63 քլկ.) առաջին հանգրուանին, 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Անթիկուա եւ Պարպուտայէն Ռայըն Ալսթօնի դէմ, իսկ երկրորդ հանգրուանին պիտի մրցի ատրպէյճանցի Ճաւիտ Չելեպիեւի դէմ: Այդ մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 31 Յուլիսին՝ Երեւանի ժամով, առաւօտեան ժամը 7:36ին:
Սակայն, Կորիւն Սողոմոնեան (52 քլկ.) պարտութեամբ սկսաւ բռնցքամարտի մրցաշարը, Բրիտանիան ներկայացնող Ճալալ Եաֆայէի դէմ, դուրս մնալով խաղերէն:
Հայաստանի ճիւտոյի հաւաքականի անդամ Ֆերտինանտ Կարապետեան (73քլկ.) պարտութիւն կրեց Ղազախաստանի ներակացուցչ Ժանսա Սմակուլովէն, դուրս մնալով խաղերէն:
Հայաստանի հրաձգութեան հաւաքականի անդամ Էլիմիրա Կարապետեան եւս չյաղթահարեց 10 մեթրնոց օդամղիչ ատրճանակով զտումի հանգրուանը, գրաւելկով 18րդ դիրքը, 573 կէտով:
Միւս կողմէ, ռուսահայ Կարէն Խաչանով յաղթանակով սկսաւ թենիսի մրցաշարքը՝ 6-3, 1-6, 6-2 արդիւնքով, պարտութեան մատնելով ճափոնցի Եոշիհիթօ Նիշիոքան։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan