By Asbarez | Monday, 23 August 2021
ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան խորհրդարանի օրակարգ բերաւ փոքրամասնութիւններու հաստատութիւններու առկախեալ ընտրութիւններու հարցը։ Ան յիշեցուց նախագահ Էրտողանի կողմէ վերջերս կատարուած յայտարարութիւնը, ըստ որուն ոչ-իսլամ համայնքներու հաստատութիւններու վարչական խորհուրդներու կազմութեան եւ ընտրութեան վերաբերեալ կանոնադրութիւնը պիտի վերաձեւաւորուի։ Փայլան մատնանշեց, որ հակառակ այս յայտարարութեան, այս ուղղութեամբ տակաւին որեւէ քայլ չէ առնուած։
Նշենք, որ փոքրամասնական հաստատութիւնները առաւել քան ութ տարիէ ի վեր ընտրութիւն չեն կրնար իրականացնել։
Կարօ Փայլան կարգ մը հարցումներ օրակարգի վրայ բերաւ՝ պահանջելով հանրապետութեան փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայի պատասխանը։ Ընդդիմադիր երեսփոխանը հարց տուաւ, թէ իշխանութիւնը մէկ կողմէ ամէն առիթով քուէատուփը մատնանշելով հանդերձ, ինչո՛ւ ութ տարիէ ի վեր կը խոչընդոտէ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու ընտրութիւնները։
Ան շեշտեց, որ ներկայ կացութեան մէջ, թէ՛ փոքրամասնութիւններու ընտրութեան իրաւունքը կ՛արհամարհուի եւ թէ անոնց հաստատութիւնները արդիւնաւէտ կերպով չեն ղեկավարուիր։
Փայլան հարցուց, թէ վերապէս ե՞րբ տեղի պիտի ունենան այդ ընտրութիւնները։
comments
Դեսպան Դոկտ. Նորա Արիսեան Նախագահ Ալ-Ասատի Դիմաց Իր Երդումը Տուաւ
Հ.Յ. Դաշնակցութեան Կոչը Արտերկրի Լիբանանահայ Քուէարկողներուն
Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Արցախ
Պահչելի Փայլանին Խորհուրդ Կու Տայ Թուրքիայէն Հեռանալու
Newsweek-ի Յօդուածագիրը Պաքուի Վայրագութիւնները Անտեսելու Յանցանքով Կը Մեղադրէ Պայտընը
Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանին Ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը
Յարուցեալ Քրիստոսը Ապրիլ Իբրեւ Կեանքի Ուղեցոյց
Ատրպէյճան Կը Շահագործէ Ուքրանիոյ Տագնապը. Պարոնուհի Քոքս
Եւրոպական Խորհրդարանը Ընդունեց Արցախի Հայկական Մշակութային Ժառանգութիւնը Պահպանելու Մասին Բանաձեւը