Հայ Գերիներու Հարցը Եւ Պաքուի Պատերազմական Ոճիրները Հետապնդել Պահանջող Յաւելուածները Հաստատուեցան

By Asbarez | Wednesday, 29 September 2021



ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու 2022ի Ազգային պաշտպանութեան լիազօրութիւններու բանաձեւին (թիւ 4350) իբրեւ յաւելուած ներկայացուած եւ հայ գերիներու ազատ արձակումը ու Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները կասեցնելու առաջարկներէն մէկը Ներկայացուցիչներու տան կողմէ հաստատուեցաւ Չորեքշաբթի գիշեր։

Թոնի Քարտենասի, Էտըմ Շիֆի եւ Պրետ Շըրմընի կողմէ ներկայացուած յաւելուածը կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել Ատրպէյճանի կողմէ պահուող հայ գերիները եւ հետաքննել Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուած պատերազմական ոճիրները:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսականներուն եւ յատկապէս Օրէնքներու յանձնախումբի ատենապետ Ճիմ ՄըքԿավըրնին, որ արտօնած էր յաւելուածները քուէարկութեան դնելու առաջարկը:

«Շատ կարեւոր է, որ ամբողջական հաշուետուութիւն ունենանք փաստերու վերաբերեալ, երբ կը փորձենք պատասխանատուութեան ենթարկել Ատրպէյճանը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անցեալ տարի կատարած անոր գործողութիւններուն համար», ըսաւ Քարտենաս:

comments

Advertisement