By Asbarez | Wednesday, 06 October 2021
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Նիւ Եորք Թայմզ».- Նոպէլեան յանձնախումբը 4 Հոկտեմբերին հաղորդեց, թէ այս տարուան բժշկութեան բնագաւառի մրցանակին տիրացած երկու գիտնականներէն մէկը հայազգի կենսաբան Արտէմ Փաթափութեանն է, որ մրցանակը պիտի կիսէ ամերիկացի Տէյվիտ Ճուլիըսին հետ:
Գիտնականները Նոպէլեան մրցանակին արժանցան մարմնի ջերմաստիճանի, հպումի հակազդող բջիջներու յայտնագործութեան համար, որ պիտի նպաստէ կարգ մը հիւանդութիւններու բուժման եղանակներ գտնելու եւ հիւանդներու երկարատեւ ցաւերու մեղմացումին:
Մանրէաբան-կենսաբան Արտէմ Փաթափութեան ծնած է 1967ին, Պէյրութ եւ 1986էն ի վեր կ՛ապրի Միացեալ Նահանգներ: 1990ին, Քալիֆորնիոյի համալսարին Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն ստացած է բջիջներու զարգացման մասնագէտ կենսաբան կոչումը, իսկ 1996ին` Քալիֆորնիոյ արհեստագիտութեան հիմնարկէն (California Institute of Technology) ստացած է դոկտորի կոչումը: Ան անդամ է Ամերիկայի գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ եւ ներկայիս կ՛աշխատի Լա Հոյա գտնուող «Սքրիփց» հիմնարկին մէջ:
Դոկտ. Արտէմ Փաթափութեան կրտսեր որդին է Սարգիս եւ Հայկուհի Վահագններուն, եւ եղբայրը` համակարգիչներու մասնագէտ ու առաւել քան երեսուն գիւտերու հեղինակ դոկտ. Արա Փաթափութեանի:
Ան այս լուրը ստացած է 94ամեայ իր հօրմէ, որովհետեւ Նոպէլեան յանձնախումբը զինք չգտնելով՝ դիմած են անոր:
comments
Դեսպան Դոկտ. Նորա Արիսեան Նախագահ Ալ-Ասատի Դիմաց Իր Երդումը Տուաւ
Հ.Յ. Դաշնակցութեան Կոչը Արտերկրի Լիբանանահայ Քուէարկողներուն
Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Արցախ
Պահչելի Փայլանին Խորհուրդ Կու Տայ Թուրքիայէն Հեռանալու
Newsweek-ի Յօդուածագիրը Պաքուի Վայրագութիւնները Անտեսելու Յանցանքով Կը Մեղադրէ Պայտընը
Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանին Ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը
Յարուցեալ Քրիստոսը Ապրիլ Իբրեւ Կեանքի Ուղեցոյց
Ատրպէյճան Կը Շահագործէ Ուքրանիոյ Տագնապը. Պարոնուհի Քոքս
Եւրոպական Խորհրդարանը Ընդունեց Արցախի Հայկական Մշակութային Ժառանգութիւնը Պահպանելու Մասին Բանաձեւը