* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Էտըմ Շիֆ Կը Դատապարտէ Ուրացման Թրքական Արշաւը

Tuesday, 22 December 2009     |    |   

Source: Asbarez
Tags: armenian genocide, usa, anca, adam schiff

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18ին հրապարակած նամակին մէջ կը դատապարտէ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող թրքական կազմակերպութիւնները համախմբող երկու մարմիններու կողմէ իրեն յղուած այն նամակը, ուր կը շեշտուի, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն մէջ տեղ գտած պատմական հարցերու յանձնախումբին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ խանգարել Միացեալ Նահագներու Քոնկրեսին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը վաւերացնելու աշխատանքները:

Թրքական կազմակերպութեանց ղրկուած նամակին մէջ Շիֆ կ՛աւելցնէ, թէ ճիշդ այս հանգրուանին Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը աւելի կարեւոր կը դառնայ, որովհետեւ միայն անոր շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ կասեցնել Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու թրքական արշաւը, միաժամանակ հնարաւոր կը դառնայ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու աշխատանքները հաստատուին ճշմարտութեան վրայ: Ան կը շեշտէ, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պաշտօնատարներ վերջերս յստակօրէն յայտարարած էին, թէ պատմական հարցերու յանձնաժողովը Հայկական Ցեղասպանութեան քննարկումով պիտի չզբաղուի:

Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը ներկայացուցած քոնկրեսականներէն մէկը հանդիսացող Շիֆ նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ կողմէ շրջափակուած Հայաստանը կրնայ իր պատմութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու պարտադրանքին տակ գտնուիլ նման ճնշումներու հետեւանքով:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement