
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական քաղաքականութիւնը պարզող հերթական օրինակը հադիսացող քայլով մը, Պոլսոյ քաղաքապետարանը մերժած է թոյլ տալ Շիշլիի քաղաքապետարանին, որ իր փողոցներէն մէկը կոչէ Հրանդ Տինքի անունով:
Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ արուարձաններէն՝ հայաբնակ Շիշլիի քաղաքապետարանը Սեպտեմբեր 14ին որոշած էր «Ակօս» խմբագրատան հարեւանութեամբ գտնուող Շաֆաք փողոցը վերանուանել Հրանդ Տինքի անունով:
Շիշլիի քաղաքապետարանը իր որոշման մասին տեղեկացուցած էր նաեւ Պոլսոյ քաղաքապետարանին՝ խնդրելով վաւերացնել որոշումը:
Սակայն «հասցէագրութեան խառնաշփոթէն խուսափելու եւ անվտանգութեան խնդիրներու» պատրուակով Պոլսոյ քաղաքապետարանը առաջարկը մերժած է.