By Asbarez | Thursday, 11 November 2021
Հայ Դատի Բրիտանիոյ յանձնախումբը յայտարարեց, որ 9 Նոյեմբերը պատմական օր է Հայ Դատին համար, որովհետեւ Համայնքներու պալատին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օրինագիծի առաջին ընթերցումը անցաւ առանց առարկութիւններու։
«Յաջորդ ընթերցումը տեղի պիտի ունենայ 18 Մարտ 2022ին: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Թիմ Լաֆթընին եւ բոլոր հովանաւորներուն` այս յաջողութեան համար», յայտնեց Հայ Դատի յանձնախումբը:
Նշենք, որ օրինագիծը ներկայացուց պահպանողական խորհրդարանական Թիմ Լաֆթըն, իսկ անոր նպատակն է պաշտօնական ճանաչման եւ յիշատակութեան միջոցով ոգեկոչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Օրինագիծը ունի հիմնական երեք դրոյթներ. առաջին` Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր յարակից տարածքներուն մէջ 1915-1923 թուականներուն հայութեան ջարդերու պաշտօնական որակում` իբրեւ ցեղասպանութիւն, երկրորդ` ցեղասպանութիւններու, որոնց կարգին Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու յիշատակի տարեկան ոգեկոչում, երրորդ` Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր վերաբերող մարդու իրաւունքներու ժամանակակից խախտումներու եւ պատերազմական յանցագործութիւներու վերաբերեալ կրթութեան եւ հանրային տեղեկացուածութեան խթանում:
comments
Դեսպան Դոկտ. Նորա Արիսեան Նախագահ Ալ-Ասատի Դիմաց Իր Երդումը Տուաւ
Հ.Յ. Դաշնակցութեան Կոչը Արտերկրի Լիբանանահայ Քուէարկողներուն
Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Արցախ
Պահչելի Փայլանին Խորհուրդ Կու Տայ Թուրքիայէն Հեռանալու
Newsweek-ի Յօդուածագիրը Պաքուի Վայրագութիւնները Անտեսելու Յանցանքով Կը Մեղադրէ Պայտընը
Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանին Ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը
Յարուցեալ Քրիստոսը Ապրիլ Իբրեւ Կեանքի Ուղեցոյց
Ատրպէյճան Կը Շահագործէ Ուքրանիոյ Տագնապը. Պարոնուհի Քոքս
Եւրոպական Խորհրդարանը Ընդունեց Արցախի Հայկական Մշակութային Ժառանգութիւնը Պահպանելու Մասին Բանաձեւը