By Asbarez | Thursday, 11 November 2021
ԵՐԵՒԱՆ.- 9 Նոյեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ վերակազմուեցաւ Եւրոպայի խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբը: Ձեռնարկին ընթացքին նշուեցաւ նաեւ Հայաստանի անկախութեան 30ամեակը: Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի գործունէութեան գլխաւոր նպատակներէն է՝ ընդլայնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան բարեկամներու շրջանակը` համագործակցելով Հայաստանի դիւանագիտական անձնակազմի հետ` ի նպաստ հայոց պետական շահին եւ արդարութեան:
Ինչպէս Եւրոպայի խորհրդարանի նախորդ երկու օրէնսդրական շրջաններուն, այս անգամ եւս Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը Հայաստանի դիւանագիտական անձնակազմին զուգահեռ աշխոյժ աշխատանք տարած էր Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի կայացման ուղղութեամբ: Եւրոպայի խորհրդարանի բոլոր գլխաւոր խմբակցութիւններու պատգամաւորներէն բաղկացած բարեկամութեան խումբի նախագահն է Լուքաս Ֆուրլաս (Կիպրոս, Եւրապական ժողովրդական կուսակցութիւն)․ Հայ Դատի Երոպայի գրասենեակը կ՛ակնկալէ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն եւրոպացի պատգամաւորներուն հետ:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan