By Asbarez | Friday, 07 January 2022
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ հրապարակած տեսանիւթով կը յայտարարէ, թէ պատրաստ է իր ներդրումը ունենալու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ:
Փայլան, դիմելով Թուրքիոյ մէջ գործող քաղաքական ուժերուն, նախագահ Էրտողանին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի քաղաքական շրջանակներուն` կոչ կ՛ընէ աջակցելու հարցի լուծման:
Ան իր խօսքին աւարտին անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ պատրաստ է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու լուծման ուղղութեամբ ստանձնելու որեւէ պատասխանատուութիւն:
Հայ երեսփոխանը՝ երկուստեք յատուկ բանագնացներ նշանակելու որոշումը պատմական կը համարէ՝ յոյս յայտնելով, որ կարելիութեան այս պատուհանը լաւագոյնս կ՛օգտագործուի:
Փայլան նաեւ համոզում յայտնած է, թէ պէտք է յստակ ճանապարհային քարտէս մշակել եւ ջանքեր գործադրել կողմերուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու համար:
comments
Եւրոպական Խորհրդարանը Պէտք Է Յստակօրէն Քննադատէր Թուրքիոյ Ապակառուցողական Դերը Արցախի Տագնապին Մէջ
Մխիթարեան Եռագոյնով Տօնեց Ռոմայի Յաղթանակը
Դեսպան Դոկտ. Նորա Արիսեան Նախագահ Ալ-Ասատի Դիմաց Իր Երդումը Տուաւ
Հ.Յ. Դաշնակցութեան Կոչը Արտերկրի Լիբանանահայ Քուէարկողներուն
Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Արցախ
Պահչելի Փայլանին Խորհուրդ Կու Տայ Թուրքիայէն Հեռանալու
Newsweek-ի Յօդուածագիրը Պաքուի Վայրագութիւնները Անտեսելու Յանցանքով Կը Մեղադրէ Պայտընը
Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանին Ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը