Ամերիկայի Հայ Դատը Ֆրանսայի Օրինակին Հետեւելու Կոչ Կ՛ընէ Օպամային

By Asbarez | Tuesday, 24 January 2012

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին վաւերացումը ծանրակշիռ քայլ մըն է եւ կրնայ լաւագոյն օրինակը հանդիսանալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային համար՝ կատարելու իր խոստումները, զորս տուած էր, երբ նախագահի պաշտօնին թեկնածու էր. այսպէս յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, «Ճազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:

«Հակառակ այն իրողութեան, որ աշխարհի յառաջադէմ դերակատարները, մտաւորականութիւնը, գիտնականները, լրատուամիջոցները յստակօրէն արտայայտած են Հայոց Ցեղասպանութեան եղելութեան վերաբերեալ իրենց դիրքորոշումը՝ դատապարտելով ոճիրը, Անգարա կը շարունակէ ընդդիմանալ եւ կը շարունակէ հաստատ մնալ իր ժխտողական քաղաքականութեան վրայ», աւելցուց ան:

Արամ Համբարեան նաեւ յոյս յայտնեց, որ Ռուսիա, Շուէտ, Լիբանան, Յունաստան, Կիպրոս եւ շատ այլ եկիրներ, ուր Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է, կը հետեւին Ֆրանսայի օրինակին ու կը քրէականացնեն Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը:

«Ֆրանսայի Ծերակոյտի խիզախ քուէարկութիւնը Ատլանտեան ովկիանոսը հատող լոյս է՝ ուղղուած ամերիկացի քաղաքական գործիչներուն, որոնք երկար տարիներէ ի վեր կ՛արտօնեն Անգարային խոչընդոտել Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Թուրքիոյ նկատմամբ հզօրացող միջազգային ճնշումը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու 42 նահանգներու կողմէ կը վկայեն, թէ նախագահ Օպամա, որ իբրեւ նախագահական ընտրութեանց թեկնածու՝ խոստացած էր յստակօրէն ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, արտօնած է, որ օտար պետութիւն մը կասեցնէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ մարդկութեան դէմ այդ յանցագործութեան ճանաչումը: Այս առիթով մենք նաեւ կոչ կ՛ընենք Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ղեկավարութեան, որ վաւերացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան թիւ 304 բանաձեւը», եզրակացուց Համբարեան:

comments