Ուքրանահայ Վահիկ Սողոմոնեան Սպաննուեցաւ Խերսոնի Մէջ

By Asbarez | Tuesday, 08 March 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուքրանիոյ Խերսոն քաղաքին մէջ ռազմական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք ազգութեամբ հայ քաղաքային մը զոհուեցաւ:

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն յայտնեցին, որ տեղեկութիւնը ճշդած են Ուքրանիոյ հայ համայնքէն:

Զոհուածը Վահիկ Սողոմոնեանն է, ան Ուքրանիոյ քաղաքացի է:

comments

Advertisement