Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Արցախ

By Aztag Daily | Saturday, 07 May 2022


Ապրիլ 26-29 Արցախ այցելեցին Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին: Արցախ այցելութիւնը սկսաւ Ստեփանակերտի զինուորական պանթէոնի մէջ արցախեան պատերազմներու զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելով, այնուհետեւ ՀՕՄ-ուհիները հանդիպումներ ունեցան` Արցախի նախագահին, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութեան անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ այցելեցին ՀՕՄ-ի Ստեփանակերտի, Խնձրիստանի եւ Աշանի «Սօսէ» մանկապարտէզներ: Հայաստան եւ Արցախ կատարած այցելութիւններու մանրամասնութիւններուն մասին «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին  պատմեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեանը:

Ան նշեց, որ «Քորոնա» համավարակին պատճառով Կեդրոնական վարչութեան նիստերուն գերակշիռ մասը իրականացուցած են առցանց, իսկ վերջերս հայրենիքի մէջ  կայացաւ Կեդրոնական վարչութեան երրորդ կենդանի լիագումար նիստը: «Մէկ տարիէն աւելի է, որ նպատակադրած էինք գալ Արցախ, բայց «Քորոնա»-ի հետ կապուած` տարբեր երկիրներու արգելափակումներուն պատճառով չուզեցինք փոքրամասնութեամբ գալ, այլ որոշեցինք ամբողջական կազմով այցելել, բայց ըսեմ, որ ես Կեդրոնական վարչութեան յանձնարարութեամբ պատերազմի օրերուն եւ անցեալ տարի այցելած եմ Հայաստան: Մեր նպատակն էր պատերազմէն ետք գալ հայրենիք եւ անձամբ տեսնել իրավիճակը, ո՛չ միայն տեսնել, այլ` մասնակից դառնալ ժողովուրդի կեանքին եւ օգտակար դառնալ անոնց», շեշտեց Նայիրի Տէրտէրեան:

Երեւանի մէջ Կեդրոնական վարչութեան անդամները 22 ապրիլին մասնակցեցան Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնի տարրալուծարանի բացման արարողութեան, որ կը կրէ  արցախեան 3 պատերազմներու մասնակից, 44-օրեայ պատերազմին զոհուած, բժիշկ-ազատամարտիկ Նորայր Շահբազեանին անունը: Կեդրոնի կահաւորման, նոր սարքաւորումներ ձեռք բերելուն աջակցած էր նաեւ ՀՕՄ-ը, իսկ վերջերս նուիրած է նաեւ շողանկարման սարքաւորում:

«Այնուհետեւ Երեւանի մէջ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը մասնակցեցաւ ՀՅԴ երիտասարդականին կազմակերպած ջահերով երթին: Ապրիլ 25-ին այցելեցինք ՀՕՄ-ի Ախուրեանի Մօր եւ մանկան առողջութեան կեդրոն եւ կը յուսանք, որ յառաջիկային Ախուրեանի համար նոր լուրեր կը յայտնենք: Այցելեցինք նաեւ Գիւմրիի Շիրվանեան կեդրոն, ուր հանդիպեցանք շարք մը ՀՕՄ-ուհիներու հետ», Հայաստանի մէջ իրենց անցուցած օրերուն մասին տեղեկութիւններ տուաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհին:

Յաջորդ հանգրուանը Արցախն էր: Արցախեան առաջին պատերազմի տարիներուն բազմաթիւ անգամ Արցախ այցելած Նայիրի Տէրտէրեանը համեմատականներ կատարեց այն տարիներուն հետ. «Ես Արցախ առաջին անգամ  այցելած եմ 1992-ին` Շուշիի ազատագրումէն մէկ ամիս ետք: Առաջին այցելութիւնս Արցախ սկսաւ ռմբակոծութեամբ, քաղաքը ռմբակոծեցին: Իսկ այս անգամ, անկեղծ ըսուած, աւելի վատ իրավիճակ կը սպասէի: Կ՛ըսուէր, որ շատ խոչընդոտներ, դժուարութիւններ կան: Իրականութեան մէջ ճանապարհը երկար էր, բայց հասնելէ ետք այդ բոլորը երկրորդական կը թուին: Ստեփանակերտի մէջ տեղի ՀՕՄ-ուհիներուն, երեխաներուն հետ շփուելով` զգացումներս նոյնն են: Արցախը դեռ ազատ է, ոչ ոք կրնայ Արցախը բանտարկել, նոյնիսկ եթէ անոնք Շուշիի մէջ գտնուին:

Խօսելով այցելութեան ընթացքին յառաջացած նոր գաղափարներու մասին` Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհին նշեց, որ ՀՕՄ-ը սկիզբէն որոշած էր պատերազմէն անմիջապէս ետք գումար հասցնել Արցախ, որովհետեւ այդ օրերուն անոր կարիքը կար: «Հայ օգնութեան միութիւնը այստեղ ունի մանկապարտէզներ, ունի այլ ծրագիրներ, բայց մենք կ՛ուզենք արմատապէս օգնել ժողովուրդին, ցոյց տալ, որ մենք կրնանք նեցուկ կանգնիլ իրենց եւ իրավիճակը թէկուզ քիչ մը թեթեւցնել: Այո՛, նոր ծրագիր կայ, որուն մասին շուտով կը յայտարարենք: Կ՛ուզենք բոլոր հարցերը յստակացնել, ապա յայտարարել, կը հաւատամ, որ ժողովուրդին արձագանգը դրական պիտի ըլլայ», հաղորդեց Ն. Տէրտէրեան:

Պատերազմի պատճառով Արցախի մէջ գործող ՀՕՄ-ի 8 «Սօսէ» մանկապարտէզներէն 4-ը մնացին բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ: Նայիրի Տէրտէրեան չբացառեց նոր մանկապարտէզներու կառուցման կարելիութիւնը: «Կը քննարկենք մեր մանկապարտէզներու ցանցին ընդլայնման հարցը, մանաւանդ որ տարհանուածներուն համար նոր բնակավայրեր պիտի կառուցուին: Մենք այդպիսի երկու տարբեր համայնք այցելեցինք: Կը յուսանք, որ կառավարութեան հետ խորհրդակցելէ ետք քանի մը մանկապարտէզներ կը բանանք Արցախի մէջ` տեղահանուած երեխաներուն մեր «Սօսէ» մանկապարտէզներուն մէջ ազգային դաստիարակութիւն տալու համար», ըսաւ ան:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները Արցախէն կը հեռանան կարօտի զգացումով: «Իրականութեան մէջ չեմ ուզեր ձգել Արցախը, որքան ալ հեռու ըլլամ, Արցախը իմ սրտիս մէջ է, եւ կը յուսամ, որ շուտով նորէն կու գամ: Արցախցին հեռուէն խրախուսուելու կարիք չունի, միշտ եղած է ուժեղ, մենք գիտենք, որ մեր հողը ապահով է, որովհետեւ արցախցին կայ», եզրափակեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեանը:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Ստեփանակերտի Մէջ`
Պատերազմի Մասնակից Ուսանողներու Կողքին

Ապրիլ 27-ին Ստեփանակերտի մէջ կայացաւ Հայ օգնութեան միութեան «Լաւագոյն ուսանող» ծրագրի պարգեւատրման արարողութիւնը: Արարողութեան ներկայ էին` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները, ՀՕՄ-ի Հայաստանի եւ Արցախի շրջանային վարչութիւններու ատենապետուհիները, Արցախի պետական, Շուշիի արհեստագիտութեան, «Մեսրոպ Մաշտոց» եւ «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարաններու ներկայացուցիչները, հիւրեր, ուսանողներ:

1998 թուականին Արցախի մէջ գործող այս ծրագրով 100 ամերիկեան տոլարի չափով դրամական պարգեւի տեսքով կը խրախուսուէին ընկերային անապահով եւ սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ ապրող այն ուսանողները, որոնք ուսման ընթացքին լաւագոյն արդիւնքներ կ՛արձանագրէին: Նախորդ երկու տարիներուն ծրագիրը չգործեց, իսկ այս տարի ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը որոշած է ծրագրի շահառու դարձնել 44-օրեայ պատերազմին մասնակցած 105 ուսանողներ:

«Իր գոյութեան աւելի քան  մէկդարեայ պատմութեան ընթացքին ՀՕՄ-ը իր համազգային գործունէութեամբ եւ նպատակներով հանդիսացած է հայրենիք-սփիւռք կապը ամբողջացնող եւ զարգացնող հզօր կառոյց մը: 1992 թուականին մուտք գործելով Արցախ` ՀՕՄ-ը իրականացուցած է շարք մը ծրագիրներ եւ նպաստած է կրթութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան, ընկերային եւ տնտեսական այլ ոլորտներու մէջ բարձր յառաջընթացի արձանագրութեան: Այդ տարիներուն Արցախի մէջ իրականացուած ծրագիրները աչքի զարկին հասցէականութեամբ, բարձր արդիւնաւէտութեամբ եւ բացառիկ հաշուետուութեամբ, իսկ ատիկա ՀՕՄ-ի կատարած աշխատանքներուն լաւագոյն գնահատականն էր», բացման խօսքին մէջ նշեց ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեանը:

Ըստ Մարտիրոսեանի, տարիներ շարունակ նեցուկ կանգնելով կրթական համակարգին` «Լաւագոյն ուսանող» ծրագիր ձեռնարկով Հայ օգնութեան միութիւնը նպաստած է, որ ունենանք կրթուած եւ լայնախոհ երիտասարդներ: ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհին շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի վարչութեան` Արցախին նեցուկ կանգնելու, Արցախի պետական, Շուշիի արհեստագիտութեան, «Մեսրոպ Մաշտոց» եւ «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարաններու նախագահներուն եւ ուսանողներուն հետ տարուող աշխատանքներուն գծով, պատասխանատուներուն` ուսանողներու ընտրութեան հարցին մէջ օժանդակելուն համար: «Սիրելի ուսանողներ, պատերազմի դաժան օրերուն դուք դարձած էիք հայրենիքի հրաշունչ զինուորներ եւ անձնուրացաբար կը պայքարէիք մեր հայրենիքի ամէն մէկ թիզ հողի համար` գիտակցելով, որ ձեր թիկունքին ձգած էք ընտանիք, քոյր, մայր, հարազատներ: Աւաղ, ձեր ընկերներէն շատերը չվերադարձան, անոնք ինկան մարտի դաշտին վրայ` արիւնով սրբացնելով մայր հողը: Յաւերժ փառք անոնց: Չմոռնանք, որ մեր հայրենիքի ապագան ձեր ձեռքերուն մէջ է: Կը մաղթեմ ձեզի ուսման մէջ եւ ապագայ տարիներուն նոր ձեռքբերումներ ու յաջողութիւններ: Համոզուած եմ, որ ձեր ներուժը եւ մասնագիտական կարողութիւնները այսուհետեւ նոյնպէս կը ծառայեցնէք մեր հայրենիքի շէնացման եւ սահմաններու յուսալիօրէն պաշտպանութեան», յայտնեց Լիլիթ Մարտիրոսեան:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեան վարչութեան անունով նշեց, որ հպարտ են Արցախի մէջ գտնուելու եւ փոքրիկ նուէրով իրենց շնորհակալութիւնը յայտնելու հայրենիքի պաշտպան ուսանողներուն համար: «Դուք ո՛չ միայն Արցախի քաղաքացիներն էք, այլ նաեւ` Արցախի ամենալաւ զինուորները, ձեզի կը խոստանամ, որ Հայ օգնութեան միութիւնը իր բոլոր անդամներով 27 տարբեր երկիրներու մէջ միշտ նեցուկ պիտի կանգնի  Արցախի ժողովուրդին թէ՛ առաջնագիծին վրայ, թէ՛ խաղաղ օրերու մէջ»:

Նայիրի Տէրտէրեան տեղեկացուց, որ 1995 թուականին սփիւռքի մէջ ՀՕՄ-ը կրթաթոշակներ յատկացուց համալսարան ընդունուած կամ արդէն յաճախող ուսանողներուն, բայց հայրենիքի մէջ այդպիսի ծրագիր չկայ: Ուստի ՀՕՄ-ը շեշտելով ուսումը, մասնագիտութիւն ստանալը` որոշեց հայրենիքի` Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի մէջ գնահատել ուսանողները եւ փոքր նուէրով ոգեւորել զիրենք` շարունակելու ուսումնառութիւնը:

Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ալեոնա Գրիգորեանը: Ան շեշտելով ծրագրի իրագործումը` կոչ ըրաւ ուսանողներուն վերստին կեանքի վերադառնալու: «Ճիշդ է, որ պատերազմէն ետք շատ դժուար է մէջքը ուղղել եւ ապրիլ, պատերազմէն ետք չ՛ըլլար ուրախանալ: Եթէ օր մը այդ միտքը իբրեւ խօսք կ՛ընկալէի, ապա պատերազմէն ետք ատիկա զգացի: Պատերազմէն ետք տղաները չեն կրնար ուրախանալ: Ես ալ կորուստ ունիմ ընտանիքիս մէջ, բայց կը խնդրեմ ձեզմէ` նորէն վերադարձէք կեանքի, շարունակեցէք ապրիլ, ստեղծել: Այս պահը շատ ծանր է, բայց տեսնելով բոլորիդ հպարտ դէմքը` վստահ եմ, որ Արցախը այս փորձութիւնն ալ պիտի յաղթահարէ: Շնորհակալ եմ, որ դուք կաք, որ Արցախի մէջ էք եւ Արցախով էք», ըսաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամը:

Ձեռնարկի աւարտին ծրագրի իրագործման համար շնորհակալական խօսքով հանդէս եկան` Արցախի պետական համալսարանի ուսանողներու հետ տարուող աշխատանքներու բաժինի ներկայացուցիչ Լիլիթ Մարգարեանը, «Մեսրոպ Մաշտոց» համալսարանի փոխնախագահ Ալիսա Բաղդասարեանը եւ Շուշիի արհեստագիտութեան համալսարանի ուսանողներու հետ աշխատանքներու տարման գծով բաժինի ղեկավար Արեւիկ Յարութիւնեանը:

comments

Advertisement