By Aztag Daily | Wednesday, 11 May 2022
Երեքշաբթի, 10 Մայիս 2022-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր նորընտիր դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեան երդում տուաւ Նախագահ Պաշար ալ-Ասատի դիմաց:
Երդման արարողութենէն ետք, դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանին հետ հանդիպման ընթացքին, նախագահ ալ-Ասատ ողջունեց նորանշանակ դեսպանը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր: Նախագահը, երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններու առնչութեամբ իր ցուցմունքներն ու թելադրանքները փոխանցեց դեսպան դոկտ. Արիսեանին:
Յայտնենք, թէ երդման արարողութեան ներկայ էին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ Միքտատ եւ Սուրիոյ նախագահական պալատի նախարար տիար Մանսուր Ազզամ:
comments
Եւրոպական Խորհրդարանը Պէտք Է Յստակօրէն Քննադատէր Թուրքիոյ Ապակառուցողական Դերը Արցախի Տագնապին Մէջ
Մխիթարեան Եռագոյնով Տօնեց Ռոմայի Յաղթանակը
Հ.Յ. Դաշնակցութեան Կոչը Արտերկրի Լիբանանահայ Քուէարկողներուն
Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Արցախ
Պահչելի Փայլանին Խորհուրդ Կու Տայ Թուրքիայէն Հեռանալու
Newsweek-ի Յօդուածագիրը Պաքուի Վայրագութիւնները Անտեսելու Յանցանքով Կը Մեղադրէ Պայտընը
Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանին Ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը