By Asbarez | Saturday, 28 May 2022
Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցած «Եուրոփա քոնֆըրընս լիկ»ի 2021-2022 տարեշրջանի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումին, իրարու դէմ մրցեցան իտալական «Ա. Էս Ռոմա»ն եւ հոլանտական «Ֆէյնուրտ Ռոթերտամ»ը:
«Ռոմա», դարձաւ տիտղոսակիր, իր մրցակիցին դէմ արձանագրելով 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան, որ հռոմեան կազմին հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 17րդ վայրկեանին վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Մխիթարեան, որ հայկական Եռագոյնով տօնեց իր յաղթանակը, այսպիսով տիրացաւ իր երկրորդ եւրոպական տիտղոսին` նկատի ունենալով, որ ան 2017ին «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի հետ տիրացած էր «Եուրոփա լիկ»ի բաժակին:
comments
Եւրոպական Խորհրդարանը Պէտք Է Յստակօրէն Քննադատէր Թուրքիոյ Ապակառուցողական Դերը Արցախի Տագնապին Մէջ
Դեսպան Դոկտ. Նորա Արիսեան Նախագահ Ալ-Ասատի Դիմաց Իր Երդումը Տուաւ
Հ.Յ. Դաշնակցութեան Կոչը Արտերկրի Լիբանանահայ Քուէարկողներուն
Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Արցախ
Պահչելի Փայլանին Խորհուրդ Կու Տայ Թուրքիայէն Հեռանալու
Newsweek-ի Յօդուածագիրը Պաքուի Վայրագութիւնները Անտեսելու Յանցանքով Կը Մեղադրէ Պայտընը
Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանին Ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը