Բեթղեհեմի Մէջ Դարձեալ Ընդհարում Ունեցած Են Հայերն Ու Յոյները

By Armen Press | Monday, 04 January 2010

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.- Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի Սրբոց թարգմանչաց վանքի տեսուչ հայր Ղեւոնդ աբեղայ Յովհաննիսեանի վկայութեամբ՝ դարձեալ ընդհարուած են Բեթղեհեմի Սուրբ Ծննդեան վանքի հայ եւ յոյն հոգեւորականները։ Նոյն աղբիւրի հաւաստումով, յոյն հոգեւորականները, ոստիկաններու օգնութեամբ, փորձած են հայերը դուրս բերել վանքի հայկական հատուածէն։
Արարատեան հայրապետական թեմի հոգեւորական Տէր Շմաւոն քահանայ Ղեւոնդեանի տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, դէպքը յոյներու հերթական սադրանքն է:

<<Կայ յատուկ նշուած սահման հայ եւ յոյն հոգեւորականների միջեւ, եւ յոյները շատ անգամ խախտում են այն, որի արդիւնքում էլ նման միջադէպեր են արձանագրւում>>, նշած է ան:

Նշենք, որ նման դէպքեր Երուսաղէմի մէջ տեղի կ՛ունենան յատկապէս Սուրբ Ծննդեան եւ Սուրբ Զատիկի կամ Յարութեան եկեղեցական տօներու ընթացքին, որ յոյն հոգեւորականներու նախանձի արդիւնքն է՝ հաշուի առնելով, որ հայ հոգեւորականները մեծ դերակատարութիւն ունին Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցող արարողութիւններուն մէջ:

comments

Advertisement