Բիւր Յարգանք Հանգուցեալ Ընկեր Արման Նարինլիի Յիշատակին

By Armenia Media | Saturday, 13 August 2022




Աւստրալիոյ Արմենիա Մետիա Մամլոյ եւ Տեղեկատուական Ընկերկացութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Տիկ. Մարթա Նարինլիին եւ համայն Նարինլի ընտանիքի անմիջական պարագաներուն եւ հարազատներուն, իրենց ամուսնոյն, հօր եւ հարազատին՝ հանգուցեալ Արման Նարինլիի մահուան տխուր առիթով, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի 3 Օգոստոս 2022-ին, խոր սուգի մատնելով նաեւ հանգուցեալի միութենական ընկերներն ու ընկերուհիները:

Հանգուցեալ Արման Նարինլին տարած է միութենական բեղուն գործունէութիւն շրջանիս ՀՅԴ կառոյցին հովանիին տակ գործող  տարբեր կառոյցներու մէջ, որոնց  մանրամասնօրէն կ'անդրադառնանք ստորեւ իր կենսագրական գիծերուն մէջ: Ան իր յատկանշական դերակատարութիւնը ունեցած է յատկապէս «Արմենիա» թերթին որպէս աշխատակից, երկար տարիներ թերթին մատակարարելով բազմաթիւ քաղաքական բովանդակութեամբ իր կողմէն թրքերէնէ հայերէն թարգմանուած խիստ կարեւոր  յօդուածներ:

Նուիրեալ հայ ու անխոնջ միութենական մշակ, հանգուցեալ  Արման Նարինլիի թանկագին յիշատակն ու ազգանպաստ գործերը անմահ պիտի մնան մեր գաղութի ազգային յիշողութեան մէջ:

Բիւր յարգանք, խունկ ու աղօթք շիրիմիդ սիրելի ընկ. Արման:

ԱՐՄԱՆ ՆԱՐԻՆԼԻ

Կենսագրութիւն

 

Արման Նարինլի ծնած է Թուրքիոյ Պոլիս քաղաքին մէջ 1950 թուականին, անդրանիկ զաւակն էր Պերճ եւ Սօֆի Նարինլիի եւ եղբայրը՝ Արթունին:

Մանկութեան տարիները անցուցած է Ենիքափը եւ Հարպիէք հայաշատ թաղամասերուն մէջ: Նախակրթականի ուսումը ստացած է նախ Պեզճեան ապա Պեզեզեան վարժարաններուն մէջ:

Կեդրոնական Վարժարանին մէջ Երկրորդական ուսում ստանալէն ետք,  Արման կը հետեւի բարձրագոյն համալսարանական ուսման եւ կը մասնագիտանայ ճարտարապետութեան ճիւղին մէջ: 1972-ին կը վկայուի որպէս ճարտարապետ: Եռանդուն եւ աշխատասէր աշակերտ, ապա ուսանող եւ ապա՝ գործի մարդ, Արման Նարինլիի կեանքը եղաւ յաջողութեանց շղթայ:

Համալսարանական ուսման ընթացքին ծանօթացած է իր ապագայ կողակիցին՝ Մարթային , որուն հետ ամուսնացած է ուսումը աւարտելէն անմիջապէս ետք՝ 1972-ին: Արմանն ու Մարթան բախտաւորուեցան աղջիկ զաւակով մը, Արլէթով, որ հօր աչքին լոյսն էր: Արլէթը ամուսնանալով Փօլ Շահինեանի հետ, երեք թոռներ պարգեւած է Արմանին՝ Զաքար, Գաբրիէլ եւ Մարկոս, որոնք Արմանի ուրախութեան մեծագոյն աղբիւրներն էին:

Ամուսնութենէն վեց ամիս ետք, Արման կը մեկնի զինուորական պարտադիր ծառայութեան եւ մօտաւորապէս երկու տարի որպէս սպայ կը ծառայէ թրքական բանակին մէջ, հեռու մնալով իր նորակազմ ընտանիքէն: Բանակին մէջ տեսած եւ ապրած դժուար օրերը պատճառ կը դառնան, որ ան վերջնականապէս որոշէ  իր կեանքը շարունակել այլ երկրի մը մէջ եւ կ'ընտրէ  Աւստրալիան: Ինը տարիներ շարունակ դիմում կատարելէ ետք, վերջապէս ան կը յաջողի ստանալ արտօնութիւն գաղթելու Աւստրալիա, որով կ'իրականանար իր մեծ երազը:

1983-ին, Արման իր ընտանիքին հետ միասին կը հաստատուի Սիտնի: Հաւատացեալ քրիստոնեայ ըլլալով, Արմանի առաջին գործը կ'ըլլայ գտնել գաղութի Հայ Առաքելական Եկեղեցին, իսկ իր մէջ շեշտուած ազգասիրութիւնը զինք կը մղէ գտնելու հայկական ակումբը:

Աւստրալիա հասած օրէն,Արման իր երկարամեայ եւ հաւատարիմ ծառայութիւնը բերած է եկեղեցական եւ միութենական տարբեր աշխատանքներու մէջ: 1988 թուականէն  մինչեւ  մահ, Արման մաս կը կազմէր Սիտնիի Հայ Առաքելական Ս. Յարութիւն եկեղեցուոյ «Լուսաւորիչ» երգչախումբին:  Ան միացած է  նաեւ իր սրտին մօտիկ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն: Սկզբնական շրջանին ան ստանձնած է Հայ Մշակութային Կեդրոնի գրադարանի պատասխանատուութիւնը, որով աւելի մեծ առիթ կը ստեղծուէր իրեն ընթերցելու զանազան արժէքաւոր գիրքեր, որոնց շնորհիւ մօտէն կը ծանօթանար Հայ ժողովուրդի պատմութեան, բան մը, որ հնարաւոր պիտի չըլլար, եթէ շարունակէր ապրիլ Թուրքիոյ մէջ:

Արման Նարինլի եղած է ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան վարիչ: Երկար տարիներ, ամէն Կիրակի օր, իր հանգիստի ու ընտանեկան ժամերէն սիրայօժար եւ մեծ ուրախութեամբ կը տրամադրէր դաստիարակչական այդ կարեւոր աշխատանքին: Քանի մը շրջան ան եղած է Աւստրալիոյ ՀՅԴ կոմիտէութեան անդամ,  իսկ խումբերու մէջ վարած է ատենադպիրի պաշտօն:

Արման Նարինլի արդարամիտ, աշխատասէր եւ իր ստանձնած պարտականութիւններուն լրջութեամբ վերաբերող անձ մըն էր: Սկզբունքի տէր մարդ, կեանքը ապրեցաւ  իր  հաւատացած գաղափարներուն հիմքերով : Ան լաւ քրիստոնեայ էր, օրինակելի հայ, սիրալիր կողակից, արդարամիտ անհատ եւ շատ յարգուած ու սիրուած ընկեր:

Նարինլիի մեծագոյն ցանկութիւնն էր օր մը տեսնել իր այնքան սիրած հայրենիքը, խմել անոր ջուրը եւ  շնչել անոր ջինջ օդը: Վերջապէս, 2018 թուականին, երազը իրականացաւ եւ իր աղջկան, փեսային  ու սիրելի թոռներուն հետ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խումբին միանալով այցելեց Հայաստան:

Արմանի կեանքին մեծագոյն ցաւը եղաւ որ Աւսսրալիոյ մէջ ան չկարողացաւ գործել իր  մասնագիտութեան՝ ճարտարապետութեան մարզէն ներս, երկրին սահմանած տարբեր  օրէնքներուն եւ պայմաններուն պատճառաւ: Ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար ան  աշխատեցաւ տարբեր ասպարէզներու մէջ բացի ճարտարապետութենէն:

Չորեքշաբթի 3 Օգոստոս 2022 թուականին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Արման Նարինլի հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհին, իր սիրելիներուն ու ընկերներուն,  յաւիտեան փակելով իր աչքերը եւ մեկնելով երկրային այս կեանքէն, որու ընթացքին իր լաւագոյնը  տուաւ իր ընտանիքին, եկեղեցիին, ազգին ու շրջապատին:

 

ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐ ԱՐՄԱՆ ՆԱՐԻՆԼԻԻ

Արժանապատիւ Հոգեւոր Հայրեր,

Սիրելի հայրենակիցներ, հարազատներ, ընկերներ եւ ընկերուհիներ,

ՀՅԴ Արամ Մանուկեան Կոմիտէութեան կողմէ դժուար պարտականութիւնը ունիմ այսօր արտասանելու մեր սիրելի ընկերոջ՝ Արման Նարինլիի դամբանականը:

Արման ծնած է 1950-ին Պոլսոյ մէջ, նախակրթութիւնը ստացած է Պէզէզեան եւ Պէզճեան վարժարաններէն ներս եւ Երկրորդական ուսումը՝ Կեդրոնական վարժարանին մէջ, զոր աւարտած է յաջողութեամբ:

Համալսարանի մէջ հետեւած է ճարտարապետական ճիւղին եւ աւարտած՝ 1972-ին: 1970-ին կը ծանօթանայ Մարթային եւ  կ'ամուսնանան 1972 թուականին:

Ամուսնութենէն վեց ամիս ետք կը կոչուի պարտադիր զինուորութեան թրքական բանակին մէջ, ուր կը ծառայէ 2 տարի, ապա կը նետուի գործի ասպարէզ: 1975-ին Արմանն ու Մարթան կը բախտաւորուին աղջիկ զաւակով մը:

Համալսարանէն ներս Արմանը տոգորուած է մարդասիրական գաղափարախօսութեամբ , որը Թուրքիոյ մէջ ունէր բազում հակառակորդներ, յատկապէս՝ զինուորական խունթան:

Արման որոշած էր աւելի ազատ պայմաններով երկիր մը գաղթել  եւ 9 տարի դիմում կատարելէ ետք,  1983-ին կ'ընդունուի Աւստրալիա: Ուրախ եմ  որ մեր ընկերութիւնը 1980-ական թուականներուն երաշխաւոր եղաւ  Նարինլի ընտանիքին իսկ Արման մօտ 9 տարի եղաւ գործակիցս:

Յաճախ կ'ունենայինք մտերիմ զրոյցներ, ան զիս փորձեց Սպանական կիթար նուագելու արուեստին ծանօթացնել ես ալ իմ կարգիս զինք զգուշացուցի սիկարէթի վնասներէն:

Արման ընթերցասէր էր եւ գաղափարախօսութիւններու հետեւող: Սիտնիի մէջ մօտէն ծանօթանալով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութեան եւ ընկերվար գաղափարներուն  կը միանայ անոր շարքերուն եւ մինչեւ մահը  մնաց անոր եւ հայրենիքի խոնարհ ծառայող:

Ընկեր Արման իր կուսակցական պարտականութիւնները կատարած է բծախնդրութեամբ ու համեստութեամբ: Եղած է «Դրօ» կոմիտէի քարտուղար: Երկար տարիներ, Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ իրեն վստահուած էր թրքական մամուլին հետեւելու եւ թարգմանութիւններ կատարելու տքնաջան աշխատանքը:

Ընկեր Արման  եղած է ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ  «Գալէ» Պատանեկան Միութեան վարիչ: Ան շահախնդիր եղած է  հայ դպրոց, հայ ակումբ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եռանկիւնի կարեւոր դերակատարութեան: Երկար տարիներ եղաւ Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ « Լուսաւորիչ» երգչախումբի ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Կոմիտաս» երգչախումբի անդամ:

1988-ի Արցախեան շարժումը եւ Հայաստանի անկախիւթիւնը մեծապէս խանդավառեցին ընկեր Արմանը. ան մօտէն կը հետեւէր միջազգային քաղաքականութեան հոլովոյթներուն. մեր զրոյցներուն ընթացքին, միշտ կ'ընդգծէր Թուրքիոյ յաջորդական կառավարութիւններուն փան-թուրական ծրագիրներու հետեւողական աշխատանքը եւ խեղաթիւրումները:

Կասկած չունիմ որ 2020-ի պատերազմին արհաւիրքը եւ անոր հետեւող պարտուողական կեցուածքները ազդեցին իր առողջութեան վրայ: Այս բոլորին կողքին ընկ. Արմանը ուրախութիւնը ունեցաւ վայելելու 3 թոռնիկներ, Զաքար, Գաբրիէլ եւ Մարկոս:

Ընկեր Արման,

Օտար հողը թեթեւ գայ  աճիւններուդ վրայ: Աւստրալիոյ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի եւ «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէութեան ընկերներուն կողմէ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը փոխանցենք Տիկին Մարթային եւ հանգուցեալի անմիջական բոլոր հարազատներուն եւ սիրելիներուն:

 

Վիգէն Գալլօղլեան

 

ՅԱՂԹԱՀԱՐՈՒՄ  է ՊԷՏՔ

ԹԷ ՇԱՆԹԱՀԱՐՈՒՄ

Ով անիծեմ

աստուածները  թէ չաստուածները

որոնք ըրին ցիրուցան

իմ պաշտելի ցեղիս արծուաբոյն հոգիները

խօսողը դարերու տիալէքթիքան է

մանկութեանս օրերէն կու գայ

մէկ առաւել

մէկ պակաս

կերտել պէտք է գերմարդը

մերօրեայ Սասունցի Դաւիթը

Դաւիթներ ինկան Ղարաբաղի պաանդէոնին

ով երիտասարդ սփիւռքի

ով արիւնակիցը Վահագնեայ ժողովուրդին

 

Խաբեբայութեան փիլիսոփայութիւնը

մ'արտօնէր որ քանդէ սիրտդ

դարձիր մեհեաններուդ

դարձիր

բայց ինչպէս

ինչ հրամցնեմ որ հրապուրեմ քեզ

եթէ չէ հրապուրած քաջն Վարդանը

եթէ չէ հրապուրած երրորդութեան խաչքարը

Վանը Մուշը Արտահանը

մեր նազելի Վանաձորի

իշխաններու իշխանը

 

Ոհ հայրենիք ինչու ես լուռ քու զաւակաց

ըսէ պատմեմ աղբիւրներուս

ինչու ես լուռ քար կտրած

միտքս ու հոգիս այլասերման ապստամբած

անլռելի զանգակատան

պատարագն է կարօտցած

անմար մնայ մեր գլխուն արեւը

երանելի են տաքնապած ուղեղիս նօպաները

երանելի է խենդութիւնը քան թէ մահը

եւ երանելի է մահը

քան Սօտօմական պարտէզները

հազար մղոն պանդխտութեամբ

հայրենիք երազելը

Ռաֆֆի

Սիամանթօ

Վարուժան

վազեցէք Հայոց մարգարէներ

սփիւռքի մէջ խրախճանք կայ

խափանեցէք այս դրախտը

ազգս պիտի կորսուի

ես ինչ անեմ առանց Հայու Եդէմական

Հայրենիք

աղօթքներուս տաճառը

արձակէ հրեշտակներդ


Փրկէ անդրանիկներդ

պիտի չ'երգեմ ուրիշ երգ

Խոր վիրապի որդի եմ

զարթնիր որդեակ սփիւռքի

դարձիր մեհեաններուդ

ինչ հրամցնեմ որ հրապուրեմ քեզ

եթէ չեն հրապուրած

քաջն Վարդանը

Մեծն Տիգրանը

մեր յարուցեալ  Քրիստոս

հերոս ԱՐՑԱԽը

 

Արման Նարինլի  1996







comments

Advertisement