Կարէն Խաչանով Կիսաւարտականին Պարտուեցաւ Եւ Հասաւ 18րդ Դիրք

By Asbarez | Tuesday, 13 September 2022



Ռուսիոյ դրօշակին տակ հանդէս եկող հայազգի թենիսի մարզիկ Կարէն Խաչանով, որ աշխարհի դասաւորման մէջ 31րդ դիրքը  կը գրաւէր, Միացեալ Նահանգներու մէջ բաց մրցաշարքի աւարտականին չկրցաւ հասնիլ՝ կիսաւարտականին 6-7, 2-6, 7-5 եւ 2-6 արդիւնքով պարտուելով աշխարհի դասաւորման մէջ 7րդ դիրքին վրայ գտնուող նորվեկիացի Քասպեր Ռուտէն, որ իր կարգին Կիրակի օր պարտուեցաւ ախոյեանը եւ աշխարհի նոր թիւ մէկ մարզիկը դարձած  սպանացի Քարլոս Ալքարազէն։

Նշենք, որ 26 տարեկան Խաչանով հեղինակաւոր այս մրցաշարքի կիսաւարտականին հասնելով 705,000 տոլար շահեցաւ եւ Երկուշաբթի օր հրապարակուած նորագոյն դասաւորման մէջ կը գրաւէ 18րդ դիրքը։

comments

Advertisement