Չիլիի Մէջ «Հայաստան» Անունով Հրապարակ Բացուած Է

By Asbarez | Tuesday, 31 January 2012

 

Չիլիի տարածքին գտնուող, ամերիկեան ամենահարաւային կէտը նկատուող Փորթօ Ուիլիամզ շրջանին մէջ, որ ունի 2500 բնակիչ, Յունուար 29ին մեծ հանդիսաւորութեամբ բացուած է «Հայաստան» անունը կրող հրապարակ մը, ուր տեղադրուած է Հայաստանէն բերուած խաչքար: Փորթօ Ուիլիամսին հայկական խաչքար նուիրելու գաղափարը կը պատկանի արժանթինահայ հանրաճանաչ գործարար, «Քորփորասիոն Ամերիկա» ընկերութեան նախագահ Էդուարդօ Էռնեկեանին:

Հանդիսութեան մասնակցած են այդ նպատակով Փորթօ Ուիլիամզ ժամանած Էդուարդօ Էռնեկեան, Արժանթինի մէջ եւ համատեղութեան կարգով Չիլիի մէջ Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեան եւ Չիլիի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Էդուարդօ Ռոտրիկես Կուառաչի, նաեւ՝ Չիլիի Անտարկտիկա նահանգի նահանգապետի պաշտօնակատար Ֆապիոլա Դորրես Փերալդան, Փորթօ Ուիլիամսի մէջ  տեղակայուած Չիլիի ռազմածովային կայանի հրամանատարի տեղակալ փոխծովակալ Ումպերթօ Ռամիրես Նաւառոն, նահանգային խորհրդարանի անդամներ, տեղական մամուլի ներկայացուցիչներ։

Հրապարակի բացման հանդիսութեան զուգահեռ Է. Էռնեկեան, դեսպան Կարմիրշալեան ու պատուաւոր հիւպատոս Էդուարդօ Ռոտրիկես Կուառաչի՝ փոխծովակալ Ումպերթօ Ռամիրես Նաւառոյի ընկերակցութեամբ այցելած են Փորթօ Ուիլիամզէն 75 մղոն հեռաւորութեան վրայ գտնուող Հօրը հրուանդանը, ուր կը միանան Ատլանտեան եւ Խաղաղ ովկիանոսներուն ջուրերը, եւ ուր այցելած էր «Արմէնիա» առագաստանաւը, որուն անձնակազմը հրուանդանի վրայ գտնուող մատուռին հայկական խաչ նուիրած էր:

Էդուարդօ Էռնեկեան, ՀՀ դեսպանն ու պատուաւոր հիւպատոսը խաչի կողքին զետեղեցին յուշատախտակ մը, որուն վրայ հինգ լեզուներով՝ հայերէն, սպաներէն, անգլերէն, ռուսերէն ու եբրայերէն, գրուած է. «Այս հայկական խաչը նուիրուած է մեր մոլորակի անմեղ զոհերուն պայծառ յիշատակին: Զայն Հօրն հրուանդան հասցուց «Արմէնիա» առագաստանաւի անձնակազմը 8 Յունուար 2011ին»:

comments

Advertisement